ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ան­ցեալ շա­բաթ ծա­գած ճգնա­ժա­մէն վերջ, ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի հան­դարտ մթնո­լորտ մը կը տի­րէ հա­մայն­քա­յին կեան­­քէն ներս։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը վեր­ջին մէկ շաբ­թուան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ այ­սօր հրա­պա­րա­կած է պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյց մը, ո­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռուած բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ազ­դանշան­ներ կու տայ յա­ռա­ջի­կայ հա­ւա­նա­կան ի­րա­դա­րու­թիւն­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­րու­թեան հե­ռան­կա­րին շուրջ։ Ներ­կայ փու­լը Գում­գա­բուի կող­մէ կը հա­մա­րուի բե­կում­նա­յին եւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը մեր հա­մայն­քին կը փո­խան­ցէ դրա­կան պատ­գամ­ներ։ Զե­կոյ­ցին մէջ շեշ­տուած է նաեւ, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի բաշ­խած օրհ­նու­թիւն­նե­րէն հա­մա­հա­ւա­սար բա­ժին կը վի­ճա­կի մեր հա­մայն­քի անխ­տիր բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն։

Մինչ այդ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը պի­տի ու­ղե­ւո­ր-ւին դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Այս­պէս Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ատե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան Չո­րեք­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան պի­տի մեկ­նին Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ նա­խա­տե­սուած ա­ղօթք­նե­րուն ու խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն պի­տի միա­նայ նաեւ Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան։ Սրբա­զան­նե­րը թէեւ կարճ կե­ցու­թիւն մը պի­տի ու­նե­նան Մայր Ա­թո­ռի մէջ, սա­կայն ա­նոնց այ­ցե­լու­թիւ­նը պի­տի հա­մընկ­նի Սրբոց Վար­դա­նանց տօ­նին։ Ուս­տի, Մայր Տա­ճա­րի մէջ ա­նոնք մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն նաեւ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­նուա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին։

Պատ­րիար­քա­կան այ­սօ­րուան պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյ­ցին մէջ մատ­նան­շուած է, որ սրբա­զան­նե­րը հո­գե­ւոր խոր ո­րո­նու­մի մը մէջ պի­տի գտնուին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ եւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ներ­կա­յիս կա­խում ու­նի այդ այ­ցէն։

Նոյն­պէս Պատ­րիար­քա­րա­նի զե­կոյ­ցին մէջ ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ բո­լոր նրբու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է հա­մո­զիչ ձե­ւով։ Ան­ցեալ Հինգ­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մի­ջեւ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նով հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս շրջան­ցուած էր լուրջ տագ­նապ մը։ Այդ ար­ձա­նագ­րու­թեան ո­գիէն ու տար­րէն բխած դրա­կան պատ­գա­մը հա­մայն­քէն ներս ար­ձան­գանգ գտած էր՝ լա­ւա­տե­սու­թեան ու պա­ղա­րիւ­նու­թեան շար­ժա­ռի­թի մը վե­րա­ծուե­լով։ Հա­զիւ քա­նի մը ժա­մուան ըն­թաց­քին, սա­կայն, եր­կու սրբա­զան­նե­րը ո­րո­շած էին փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ ջնջել այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը։ Ա­նոնք յար­մար դա­տած էին՝ ի շահ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը չսահ­մա­նա­փա­կել ար­ձա­նագ­րու­թեան մը ար­հես­տա­կա­նու­թեամբ եւ աշ­խա­տիլ ըստ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ նա­խըն­թաց­նե­րուն։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս հան­գա­ման­քին ազ­դե­ցու­թեամբ Պատ­րիար­քա­րա­նի զե­կոյ­ցին մէջ ընդգ­ծուած է, որ սրբա­զան­նե­րու Մայր Ա­թո­ռէ վե­րա­դար­ձին պի­տի ընտ­րուի տե­ղա­պահ մը, պի­տի կազ­մուի նոր նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը եւ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան մի­ջո­ցաւ դի­մում պի­տի կա­տա­րուի պե­տու­թեան մօտ։ Այ­սինքն, Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը դար­ձեալ ժո­ղո­վի պի­տի հրա­ւի­րուի։

Ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան կա­րե­լի է ը­սել, որ վեր­ջին ինն տա­րուան այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ա­ռա­ջին ան­գամ այս­քան ծա­ւա­լուն, հա­մո­զիչ, լիար­ժէ­քօ­րէն հիմ­նա­ւո­րուած, նաեւ բարձր մա­կար­դա­կի վրայ պատ­գամ մը կը փո­խան­ցէ մեր ժո­ղո­վուր­դին։ Զե­կոյ­ցին մէջ վեր­ջին շուրջ ինն տա­րի­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, կը բնո­րո­շուի որ­պէս ան­ցու­մա­յին շրջան։ Շա­հագր­գիռ բո­լոր կող­մե­րուն վե­րա­բե­րեալ նրբու­թիւն­նե­րը բա­նա­ձե­ւուած են ըստ պատ­շա­ճի։ Նախ, բնա­կա­նա­բար մեր հա­մայն­քի հա­ւա­տա­ցեալ զա­ւակ­նե­րուն եւ ա­նոնց սպա­սում­նե­րուն ու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն տրուած է զե­կոյ­ցին մէջ։ Բաց աս­տի, մեր պե­տու­թեան, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր նուի­րա­պե­տու­թեան, մեր հա­մայն­քի վար­չա­կան ներ­քին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի վար­չա­կան ինք­նա­վար բնոյ­թին ու նա­խըն­թաց­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ խնդիր­նե­րը բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն մա­տու­ցուած են հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թեան։ Պատ­րիար­քա­րա­նի զե­կոյ­ցը յոր­դոր­ներ ալ կը բո­վան­դա­կէ ուղ­ղեալ մեր հա­մայն­քին՝ որ­պէս­զի վե­րա­հաս­տա­տուի միաս­նա­կա­նու­թեան ու եղ­բայ­րու­թեան ո­գին եւ գե­րա­դա­սուի Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի կա­յու­նու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017