ՑՆՑԻՉ ԳՈՅԺ

Խոր ցաւով վեկահասու եղանք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն։ Ցնցիչ գոյժը երէկ խոր ցաւ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէն ներս։ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն հայոց արդի պատմութեան մէջ ունեցած էր եզակի դերակատարութիւն մը։ 85 տարեկան հասակին վախճանած Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախկին նախագահն էր։ Ան իսկապէս եզակի կերպար մըն էր հայ իրականութեան մէջ, միեւնոյն ժամանակ մեծ մարդասէր մըն էր, ստեղծագործ մտքի տէր էր։ ՀԲԸՄ-ի ցկեանս պատուակալ նախագահ հանգուցեալ Ալեք Մանուկեանի դուստրն էր։ Իր հօրմէն վերջ ստանձնած էր ՀԲԸՄ-ի ղեկը։ Այդ հերթի փոփոխութիւնը գրեթէ համընկնած էր՝ Հայաստանի 1988 թուականի մեծ երկրաշարժին։ Բացի ՀԲԸՄ-ը ղեկավարելէ, Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն ունէր նաեւ իր անունով բարեգործական հիմնադրամ մը, որու միջոցները եւս կը ծառայեցնէր հայութեան։

Հայ ժողովուրդի նուիրեալ գործիչ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն ծանօթ էր որպէս խիստ բնաւորութեան մէջ ազնուագոյն եւ գերզգայուն սիրտի անձնաւորութիւն։ Ան եղած էր հայ ժողովուրդի ամբողջ ժամանակաշրջանի մը ամենայայտնի նուիրեալներէն մին։ Եղած էր Հայաստանին պատուհասած աղիտալի երկրաշարժէն տուժածներուն համահայկական օգնութեան գլխաւոր նախաձեռնողներէն եւ կազմակերպիչներէն մին, աւելի՛ն՝ խորհրդանշաններէն մին։ Թիկունք կանգնած էր նորանկախ Հայաստանի պետութեան կայացման, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հզօրացման։ Չափազանց կարեւորութիւն տուած էր Հայաստանէ ներս կրթութեան զարգացման եւ այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ Երեւանի մէջ հիմնուած Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը։ Ան իր ընթացքով օրինակ եւ խթան հանդիսացած էր բազմաթիւ բարերարներուն, որոնք բազում ծրագրեր կեանքի կոչած են Հայաստանի, Արցախի կամ սփիւռքի մէջ։ Հօրը՝ Ալեք Մանուկեանի մահէն վերջ, եղբօրը՝ Ռիչըրտ Մանուկեանի հետ յառաջ կը տանէր բարեգործական ծրագրերը։ Ունէր երեք զաւակ եւ երկու թոռ։

19 մայիս 1933 թուականին ծնած էր Տիթրոյթի մէջ։ Հայրը՝ Ալեք Մանուկեան, որ ծնած էր Զմիւռնիոյ մէջ, մեծ ներդրում ունեցած էր աշխարհի հայոց համախմբման ուղղութեամբ եւ կեանքի վերջին դասուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս։ Ալեք Մանուկեան ՀԲԸՄ-ի հինգերորդ նախագահն էր։ Ամուսնանալով Արման Սիմոնի հետ՝ Լուիզ Մանուկեան ապրած էր Մենհեթթընի մէջ, Նիւ Եորք։ 1989 թուականին ՀԲԸՄ-ի նախագահ դառնալով յաջորդած էր իր հօր եւ այդ պաշտօնին վրայ արձանագրած՝ յաջողութիւններ։ Հայաստանի մեծ երկրաշարժէն անմիջապէս վերջ ՀԲԸՄ-ի ղեկը ստանձնելով ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայաստանին օժանդակութիւն հասցնելու գործին։ 1962 թուականին իր ծնողքը հիմնադրած էր «Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն» հիմնադրամը։ Յետագային այդ մէկը անուանուած էր «Մանուկեան-Սիմոն» հիմնադրամ։ 2000 թուականին Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն եւ եղբայրը՝ Ռիչըրտ Մանուկեան 2 միլիոն տոլար նուիրաբերած էին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ շինարարութեան համար։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ ստեղծած են հիմնադրամ մը, որու միջոցներով կը նախատեսուի յաւերժ խնամել Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը։ 2012 թուականին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը պարգեւատրած էր «Ասպետ Սուրբ Էջմիածնի» շքանշանով։ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն կարեւոր ներդրում ունեցած է՝ որպէսզի ամերիկեան շարք մը հեղինակաւոր համալսարաններէ ներս հաստատուին հայկական հետազօտութիւններու ամպիոններ։

Մինչ բօթը լայն արձագանգ ստեղծած է հայաշխարհէն ներս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ցաւակցական մը հրապարակեց Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի մահուան կապակցութեամբ։ «Անգնահատելի է իր ներդրումը երկրաշարժէն տուժածներու, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի փախստականներու օգնութեան, ամբողջ աշխարհի մէջ հայկական մշակոյթը տարածելու եւ բարեգործական ջանքերու հարցին մէջ», նշած է վարչապետը։

Յուղարկաւորութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները առայժմ կը պակսին, որովհետեւ կարգադրութիւնները նախատեսուած են առաջին հերթին ընտանեկան շրջանակի մէջ։ Ուստի, յաջորդիւ յայտնի պիտի դառնան մանրամասնութիւնները։ Հարկ է նշել, որ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի ծնողքը՝ Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու շիրիմը կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհարանի անմիջական շրջափակէն ներս։ Շիրիմները այնտեղ փոխադրուած են իր իսկ հաւանութեամբ եւ կարգադրութիւններով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019