ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵՄ-ԷՆ ՀԻՒՐ

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի նախընթաց օր այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու։ Զօհրապ Մնացականեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը կը մերժէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները։

Իր կարգին, Քլաարին ալ յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով բանակցութիւններու աշխուժացման։

Զօհրապ Մնացականեան զրոյցի ընթացքին կարեւորեց ժողովուրդներու խաղաղութեան պատրաստուիլը ու վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020