ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐԸ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Սուրիոյ ճգնաժամի պայմաններուն ներքեւ հաւանական ամենավատ վարկածը կ՚ըլլայ, եթէ Թուրքիա այդ երկրի տարածքէն ներս ռազմական գործողութիւններու սկսի ռուսական բանակին դէմ։
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած թրքական եւ ռուսական պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները աւարտած էին ապարդիւն։ Իտլիպի իրադարձութիւնները տարակարծութիւններու պատճառ դարձած են Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ։
Մոսկուայէն հնչած այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ չի հաւատար Սուրիոյ մէջ վատ վարկածին Ռուսաստանի մասնակցութեան։
Ինչպէս ծանօթ է, Թուրք զինեալ ուժերը օրերէ ի վեր կուտակումներ կը կատարեն Իտլիպի մէջ։
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա եւ Գերմանիա կոչ ուղղեցին, որպէսզի Սուրիոյ բանակը դադրեցնէ իր գործողութիւնները՝ Թուրք զինեալ ուժերու Իտլիպի դիտարկման յենակէտներուն վրայ։