ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՂԱԴՐԱԿԱՆՆԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ Է ՀՏՓ-ԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Անգարայի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը մեղադրականներ պատրաստեց խորհրդարանի 9 ՀՏՓ-ական երեսփոխանին դէմ։ 2014 թուականի Քոպանիի դէպքերուն բերումով պատրսատուած են այս մեղադրականները՝ այն պատգամաւորներու պարագային, որոնք այդ ժամանակ մաս կը կազմէին կուսակցութեան կեդրոնական վարչական խորհուրդին։ Յիշեալ դէպքերուն հետեւանքով 37 հոգի զոհուած էր։

Դատախազութեան ահաբեկչական յանցագործութիւններու բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած մեղադրականներուն մէջ պատգամաւորներուն ամբաստանութիւններ հասցէագրուած են՝ պետութեան միութիւնն ու երկրի ամբողջականութիւնը թիրախաւորելու, նաեւ մարդասպանութեան բերումով։ Դատախազութիւնը կը պահանջէ անոնք զրկել երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ։

Դատախազութեան կողմէ Արդարադատութեան նախարարութիւն ուղարկուած մեղադրականները արդէն հասած են Ազգային մեծ ժողով։ Պատկան յանձնաժողովներու կողմէ քննարկուելէ վերջ, դատախազութեան պահանջը օրակարգի վրայ պիտի գայ խորհրդարանի ընդհանուր նիստի ժամանակ։ Աւագ դատախազի տեղակալ Վէյսել Քաչմազի կողմէ պատրաստուած մեղադրականներով նախատեսուած՝ անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջը եթէ խորհրդարանի հաւանութեան արժանանայ, ապա դատական գործընթաց պիտի սկսի ՀՏՓ-ական երեսփոխաններու պարագային։ Այդ պահանջը հիմնաւորուած է Սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածի տրամադրութիւններով։ Խորհրդարանի հաւանութեան պարագային պատգամաւորները պիտի դատուին՝ որպէս գրգռիչ։

Խնդրոյ առարկայ երեսփոխաններու շարքին կը գտնուին նաեւ Կարօ Փայլան (Տիյարպաքըր), ՀՏՓ-ի համակուսակցապետ Փերվին Պուլտան (Իսթանպուլ), կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-նախագահները։

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2021