ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ։ Նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին առընչութեամբ՝ նշելով, որ անոնք խարսխուած են աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ ըմբռնման հիման վրայ։ Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ՝ գործնական ջանքերու ձեռնարկելու համար կողմերու համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ։

Նախարարները ընդգծեցին միջազգային կառոյցներու շրջանակէն ներս Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ ձեւաւորուած փոխադարձ աջակցութիւնը եւ սերտ համագործակցութիւնը։ Այս համատեսքին մէջ Արա Այվազեան շնորհաւորութիւններ յղեց Հնդկաստանի՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ժամանակաւոր անդամ ընտրուելուն կապակցութեամբ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ այդ անդամակցութիւնը կը ծառայէ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համընդհանուր նպատակները յառաջ մղելու։

Արա Այվազեան եւ Սուպրահմանեամ Ճայշանքար անդրադարձան Հայաստանի եւ Հնդկաստանի գտնուած տարածքաշրջաններու անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հարցերուն։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ հակամարտութիւններու՝ բոլորի շահերը հասցէագրելով, խաղաղ կարգաւորման հասցնելու հրամայականը։ Այս առընչութեամբ Արա Այվազեան երախտագիտութիւն յայտնեց իր պաշտօնակցին՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի ընթացքին Հնդկաստանի կողմէ հայ ժողովուրդին ի նպաստ յայտնուած համերաշխութեան համար։

Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարման եւ այդ գործընթացին վերաբերեալ միջազգային համագործակցութեան շուրջ։ Ընդգծուեցաւ, որ համավարակի դէմ պայքարի մէջ միասնականութիւնը առաջնահերթ պէտք է ըլլայ։ Այս ծիրին մէջ նախարար Արա Այվազեան բարձր գնահատեց անցեալ տարեսկիզբին Հնդկաստանի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութիւնը։

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2021