ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները երէկուան դրութեամբ պաշտօնապէս վերադարձաւ Փարիզի համաձայնագրին, որ կլիմայի փոփոխութեան հարցերուն կը վերաբերի։ 2017 թուականին ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշած էր Ուաշինկթընը դուրս բերել այդ համաձայնութենէն, որուն բախտորոշ նշանակութիւն կը տրուի երկրագունդի եւ մարդկութեան ապագային տեսակէտէ։ Ջերմոցային կազերու արտանետման ծաւալներով ԱՄՆ աշխարհի վրայ երկրորդն է՝ Չինաստանէն վերջ։ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան տարիներուն առնուած այդ քայլը միջազգային բեմահարթակի վրայ ցասումի ծնունդ տուած էր։

Նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալուն զուգահեռ արդէն մեծ ակնկալութիւններ կային, որպէսզի ԱՄՆ վերադառնայ Փարիզի համաձայնութեան։ Ներկայիս այդ սպասումները արդէն արդարացած են։ Ճօ Պայտըն անդամակցութեան վերականգնման ուղղեալ աշխատանքներուն սկսած էր շաբաթներ առաջ՝ նախագահական երդումը կատարելու յաջորդ օրն իսկ։ Իր յանձնառութիւնը ընդգծելու համար Ճօ Պայտըն բնապահպանութեան հարցերով Սպիտակ տան յատուկ յանձնակատար նշանակեց ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախկին նախարարներէն Ճոն Քերին, որ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էր Փարիզի համաձայնութեան մշակուելուն եւ անոր ԱՄՆ-ի կողմէ ստորագրուելուն։

Երէկ, ԱՄՆ-ի այժմու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն տեղեկացուց, որ իր երկիրը պաշտօնական ծանուցագրի ներկայացուելէ 30 օր վերջ արդէն կը վերադառնայ կլիմայի վերաբերեալ Փարիզի համաձայնագրին։ Նախագահ Ճօ Պայտըն համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրած է իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրը՝ յունուարի 20-ին։ Ամիս մը անձ՝ ԱՄՆ-ի մասնակցութիւնը արդէն վերականգնուած է։ Էնթընի Պլինքըն նշեց, որ Ուաշինկթըն ամենակարեւոր բանակցութիւններու մէջ, բոլոր մակարդակներու վրայ պիտի բարձրացնէ կլիմայի փոփոխութեան խնդիրները։ 

«Կլիմայի փոփոխութեան իսկական սպառնալիքներուն արձագանգելն ու մեր գիտնականները լսելը մեր ներքին ու արտաքին քաղաքական գերակայութիւններու կեդրոնին է։ Սա կենսական նշանակութիւն ունի ազգային անվտանգութեան, գաղթի, միջազգային առողջապահութեան, տնտեսական դիւանագիտութեան եւ առեւտրային բանակցութիւններու ոլորտին մէջ», նշեց այս առթիւ Պլինքըն։

2015 թուականի դեկտեմբերին ստորագրուած Փարիզի համաձայնագիրը կլիմայի վերաբերեալ առաջին համաշխարհային փաստաթուղթը կը հանդիսանայ։ Աւելի քան 190 պետութիւն ստորագրութիւն դրած է այդ փաստաթուղթին տակ։ Համաձայնութիւնը կ՚ենթադրէ համաշխարհային ծրագիր մը, որ գործողութիւններ կը սահմանէ երկրագունդի տաքացումը զսպելու նպատակով։

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2021