ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԷՆ ՆԵՐՍ ԱՆՏԷՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ ամէն օր անհաւատալի հաղորդումներ կը կատարուին։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացը հրատապ կացութիւն մը ստեղծած է այս մարզի պարագային։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ բացայայտուած են նաեւ Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ հաւանութիւն տրուած գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք Սիւնիքի մարզի ճակատագրին վերաբերեալ հարցականները կը խտացնեն եւ երկրի հարաւային հատուածին տեսակէտէ կը յառաջացնէ ռազմավարական լուրջ վտանգներ։ Շաբաթներէ ի վեր բոլոր հարթութիւններու վրայ ահազանգ կը հնչեցուի, սակայն երկրի իշխանութիւնները անբաւարար կը մնան Սիւնիքի պարագային շրջադարձ մը, բեկում մը ապահովելու տեսակէտէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Սիւնիքի հարցերով զբաղելու համար ստեղծուած աշխատանքային խումբը կը ջանայ մարզէն ներս անվտանգութեան միջավայրի ապահովման հասնիլ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնատարներէն բաղկացեալ այս խումբը կը գլխաւորէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խորհրդական Ռուբէն Ղուկասեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով հանդերձ, զանգուածային լրատուութեան միջոցները ողողուած են բազում տուեալներով, ըստ որոնց այդ կարգադրութիւնները կը մնան խիստ անբաւարար։

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի վերջին շրջանի հրապարակումները կը ցոլացնեն մտահոգիչ կացութիւնը։ Մարզի բնակավայրերու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներն ալ կը շարունակեն ահազանգ հնչեցնել։ Ըստ իրենց, կառավարութիւնը չի տիրապետեր սահմանի եւ սահմանային գիւղերու վերաբերեալ որեւէ տեղեկութեան։ Ոչ ոք տեղեակ է, թէ ո՛ր գիւղը Ատրպէյճանի հետ ի՛նչ մակարդակի սահմանային խնդիրներ ունի։

Առկայ անտէրութեան մթնոլորտին մէջ, իշխանութիւնները նաեւ օրէնսդրական կարգադրութիւններու երթալ կը պատրաստուին՝ խափանելու համար զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ձայնը, որպէսզի կասեցուի Սիւնիքի վերաբերեալ բարձրացուած համատարած աղմուկը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Հայաստանի միացեալ ընդդիմութիւնը այսօր կը կազմակերպէ մեծ հանրահաւաք մը՝ միշտ հետամուտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի նախաձեռնութեամբ, այս ցոյցը տեղի կ՚ունենայ յետմիջօրէին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Երբ երկիրը քաղաքական լուրջ տագնապ մը կը դիմագրաւէ յետպատերազմեան առկայ ծանր պայմաններուն տակ, արդէն օրակարգի վրայ են զանազան ներքին խմորումներ՝ իշխանափոխութեան հեռանկարով։

Կը հաղորդուի, որ իշխանութիւններն ալ «հակաքայլեր»ու դիմած են այս օրուան ցոյցի սեմին։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ ձերբակալեց շարք մը ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ (Արա Սաղաթելեան, Կարէն Պեքարեան, եւ այլք), որոնց բնակարանները խուզարկուեցան եւ համակարգիչները առգրաւուեցան։

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2021