ԱՊԱՀՈՎԵԼ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս։ Պլինքընի կողքին էին Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով իր տեղակալը՝ Քերըն Տոնֆրիտ եւ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ բանակցութիւններու գծով իր աւագ խորհրդականը՝ Լուիս Պոնօ, որ միեւնոյն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի այժմու ամերիկացի համանախագահն է։ Փաշինեանի հետ էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։ Ալիեւի հետ էին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ նախագահականի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ։
Ամերիկեան կողմը հանդիպումէն վերջ հրապարակեց Էնթընի Պլինքընի բացման խօսքը, որու մէջ ան ըսաւ. «Կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել նախագահ Ալիեւին եւ վարչապետ Փաշինեանին՝ այստեղ գտնուելու համար։ Մենք կը հաւատանք, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը աւելի քան երեսուն տարուան հակամարտութենէն յետոյ ամուր խաղաղութիւն ապահովելու իսկապէս պատմական հնարաւորութիւն ունին։ Իրենք կեդրոնացած են հաշտութեան գործընթացին վրայ երկկողմանի երկխօսութեամբ, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան ու մեզի հետ։ ԱՄՆ պատրաստ է հնարաւոր ամէն ինչ ընել այդ ջանքերուն աջակցելու համար՝ ուղղակիօրէն մեր բարեկամներու կամ եռակողմանի ձեւաչափի մէջ, ինչպէս այս հանդիպումն է կամ միջազգային այլ գործընկերներու հետ։ Բայց ես շատ շնորհակալ եմ թէ՛ նախագահին եւ թէ՛ վարչապետին ներկայութեան համար ու կ՚ակնկալեմ լաւ խօսակցութիւն»։
Հանդիպումէն վերջ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայսն ալ հրապարակեց ամփոփ տեղեկութիւններ։ Ան նշեց հետեւեալը. «Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այսօր (փետրուարի 18-ին) Միւնիխի մէջ հանդիպեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան երկկողմանի խաղաղ բանակցութիւնները զարգացնելու նպատակով։ Ան ի գիտութիւն ընդունեց այն զգալի յառաջընթացը, զոր երկու կողմերը արձանագրած են վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին խաղաղութեան համաձայնագրի ուղղութեամբ եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի առաջարկը՝ կողմերը Պրիւքսելի մէջ հիւրընկալելու մասին։ Քննարկման ընթացքին պետական քարտուղարը ընդգծեց Լաչինի միջանցքով ազատ եւ բաց առեւտրային եւ մասնաւոր տարանցման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց կողմերուն՝ բանալ այլ փոխադրութեան ուղիները»։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ ամփոփ բացատրութիւններ տուին Միւնիխի հանդիպման շուրջ։ Այսպէս, բանակցութիւններու ժամանակ անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վերաբերեալ աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ու երկու երկիրներու միջեւ սահմանագծման իրականացման՝ համաձայն Փրակի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։ Փաշինեան վերահաստատած է, թէ հայկական կողմը նպատակամղուած է հասնելու ստորագրման այնպիսի պայմանագրի մը, որ իսկապէս պիտի երաշխաւորէ տարածաշրջանէն ներս երկարաժամկէտ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան Միւնիխի մէջ ընդգծեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման եւ այս պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծնունդ առած մարդասիրական, բնապահպանական եւ ուժանիւթի տագնապի փաստը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային փոխադրական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման։ Կարեւորուած է Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի շարունակականութեան ապահովումը։
Իր կարգին, եռակողմանի հանդիպումէն վերջ Իլհամ Ալիեւն ալ Միւնիխի մէջ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւններով։ Ան շինիչ համարեց տեսակցութիւնը եւ ըսաւ, որ լաւ անցած է։ «Գլխաւոր հարցը այն է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է կառուցուի միջազգային չափանիշներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ։ Ղարաբաղի մասին որեւէ դրոյթ անընդունելի է։ Երեք օր առաջ մենք ստացանք Հայաստանի պատասխան առաջարկները՝ մեր առաջարկներուն վերաբերեալ։ Հիմա մենք կ՚ուսումնասիրենք զանոնք», ըսաւ Ալիեւ։
Հարկ է նշել, որ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ արձագանգած են Միւնիխի հանդիպման՝ խոշորացոյցի տակ դնելով Ալիեւի խօսքերը, թէ խաղաղութեան համաձայնագրին վրայ աշխատանք կը տարուի։