ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԱՍՈՒԼԻՍ

Միւնիխի 59-րդ անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ եւ կարեւոր ասուլիս մը։ «Շարժե՞լ սարերը. անվտանգութեան կառուցումը Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագրեալ հաւաքոյթի ատենախօսներն էին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, որ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յառաջ շարժուիլ քաղաքական դաշտէ ներս։ «Երբ որոշեցինք մարդասիրական օգնութիւն եւ փրկարարներ ուղարկել Թուրքիա, մենք կը մտածէինք միայն մարդասիրական դրդապատճառներու մասին, բայց ընթացքին տեսանք Թուրքիոյ դրական արձագանգը եւ եթէ սա դրական քաղաքական արդիւնքներ ունենայ, աւելի լաւ։ Բայց մեր սկզբնական նախաձեռնութիւնը բացառապէս մարդասիրական էր», նշեց Փաշինեան ու շեշտեց, որ Թուրքիոյ երկրաշարժին հետեւանքով միլիոնաւոր մարդիկ տուժած են եւ Հայաստան պատրաստ է մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու։ Վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի Թուրքիա կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին կարգ մը քաղաքական համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են։ «Մենք պատրաստ ենք յառաջ շարժուիլ, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, սահմանի բացումը դրական պիտի ըլլան ո՛չ միայն մեր տարածաշրջանի զարգացումներուն համար, այլեւ միջազգային իրավիճակի տեսակէտէ», ըսաւ Փաշինեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին Հայաստանի վարչապետը շեշտեց նաեւ, որ արդէն աւելի քան 70 օրէ ի վեր Լաչինի միջանցքը փակ է։ Ան համոզուած է, թէ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը միջազգային հանրութեան աւելի շատ ուշադրութեան կարիքն ունի՝ առկայ ռիսքերու պայմաններուն ներքեւ։ «Կլոպալ կայունութիւնը կրնայ բարելաւել իրավիճակը մեր տարածաշրջանէն ներս, որովհետեւ դուք գիտէք, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային ուշադրութիւնը հասկնալիօրէն կեդրոնացած է Ուքրայնայի վրայ։ Սա նոր ռիսքեր կը ստեղծէ մեր տարածաշրջանին համար», ըսաւ Փաշինեան։

Ի լրումն այս բոլորին վարչապետը Միւնիխի մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ աւելի քան 70 օրէ ի վեր Լաչինի միջանցքը փակ է եւ դժբախտաբար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ է մարդասիրական տագնապ։ Ան յիշեցուց, որ ուժանիւթի տագնապ մըն ալ խնդրոյ առարկայ է, որովհետեւ խաթարուած են ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումները։ «Սա խնդիր մըն է, որ պէտք է հասցէագրուի», ընդգծեց Փաշինեան եւ աւելցուց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է խիստ ուշադրութեան կեդրոնին պահէ այս իրավիճակը։ Որովհետեւ շարունակութեան պարագային անշրջելի մարդասիրական հետեւանքներ պիտի յառաջանան Արցախի հայերուն համար։ Փաշինեան յիշեցուց նաեւ Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ 2020-ի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան տրամադրութիւնները։

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2023