ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Իս­թան­պու­լի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «100-րդ տա­րե­լի­ցին Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի փաս­տա­թուղ­թե­րը» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման։ Վար­չա­պե­տա­րա­նի ա­ռըն­թեր Պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ցու­ցա­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ  Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րու յար­կէն ներս։ Ազ­գա­յին ար­խի­ւի հա­մա­լի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ար­մա­տա­կան բա­նա­ձե­ւում­նե­րով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, տա­րած­քաշր­ջա­նի առ­կայ խնդիր­նե­րու ե­տին կը գտնուի Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տով հաս­տատուած կար­գե­րուն ստուե­րը։ Էր­տո­ղան դի­տել տուաւ, որ 2015 թուա­կա­նին Թուր­քիա կը նշէ Չա­նաք­քա­լէի փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նա­կին 100-ա­մեա­կը, մինչ այդ ո­մանք կը փոր­ձեն այս թուա­կա­նը վե­րա­ծել հա­կաթրքու­թեան, Թուր­քիոյ դէմ թշնա­մու­թեան դրօ­շա­կի։ Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րով, աշ­խար­հի ա­մէն կողմ հա­յոց սփիւռ­քը ցե­ղաս­պա­նու­թեան պնդում­նե­րուն վրայ հիմ­նուած ար­շա­ւանք­նե­րով կը փոր­ձէ Թուր­քիոյ դէմ թշնա­մու­թիւն սեր­մա­նել լայն զան­գուած­նե­րուն։ «Այդ ար­շա­ւանք­նե­րուն նպա­տա­կը՝ պատ­մու­թեան ո­րոշ մէկ շրջա­նին հա­յոց ապ­րած ցա­ւե­րը կեն­դա­նի պա­հե­լէ ան­դին՝ ուղ­ղա­կիօ­րէն մեր երկ­րին եւ ազ­գին դէմ թշնա­մու­թիւնն է», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Թուր­քիա ի սկզբա­նէ կը ցու­ցա­բե­րէ սկզբուն­քա­յին, հա­ւա­սա­րակշ­ռուած եւ ան­կեղծ կե­ցուածք մը։ «Կ՚ը­սենք, որ ինչ­պէս պատ­մու­թեան բո­լոր շրջան­նե­րուն, այս մեծ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն ալ կրնան ըլ­լալ ապ­րուած ցա­ւեր, ող­բեր­գու­թիւն­ներ։ Այս բո­լո­րէն միայն հա­յե­րը չեն ազդուած։ Պալ­քան­նե­րու, Կով­կա­սի մէջ այս շրջա­նին ապ­րուած են պատ­մու­թեան ա­մե­նա­մեծ ջար­դե­րը, ո­րոնք կա­տա­րուած են մահ­մե­տա­կան­նե­րուն դէմ։ Ա­նա­տո­լուի մէջ հա­յոց են­թարկուած վնա­սին չափ, հա­յե­րու հե­տե­ւան­քով տու­ժած հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր, մի­լիո­նա­ւոր մահ­մե­տա­կան­ներ կա­յին։ Այս բո­լո­րը ար­ձա­նագ­րուած են փաս­տա­թուղ­թե­րու մէջ։ Այս խնդի­րը պէտք չէ գոր­ծիք դարձ­նել ա­ռօ­րեայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, մա­նա­ւանդ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Ե­րէ­կուան իր ե­լոյ­թին մէջ հա­յոց սփիւռ­քին եւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ուղ­ղեալ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ալ ու­նե­ցաւ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, որ ա­ւել­ցուց. «Ե­կէք, հրամ­ե­ցէք, մեր ար­խիւ­նե­րը, փաս­տա­թուղ­թե­րը այս­տեղ են։ Մենք այս պա­հուն ու­նինք հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր, մի­լիո­նը ան­ցած, դա­սա­կարգուած փաս­տա­թուղթ։ Դուն ինչ­քան փաս­տա­թուղթ ու­նիս, բո­լո­րը ե­րե­ւան բեր։ Պաշ­տօ­նի կո­չենք պատ­մա­բան­նե­րը, մեր ար­խի­ւա­գէտ­նե­րը, քա­ղա­քա­գէտ­նե­րը, նոյ­նիսկ հնա­գէտ­ներն ու ի­րա­ւա­բան­նե­րը, թող գան եւ աշ­խա­տին այս փաս­տա­թուղ­թե­րուն վրայ, ա­մէն ինչ բա­ցա­յայտ է, ճշմար­տու­թիւ­նը փնտռենք այս­տեղ։ Եր­կիր­նե­րը պտը­տե­լով, այն­տեղ դրամ ծախ­սե­լով, լո­պի­ներ ստեղ­ծե­լով, ոչ-բա­րո­յա­գի­տա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րով Թուր­քիոյ դէմ ձեռ­նար­կուե­լիք ար­շա­ւանք­նե­րով բան մը չէք կրնար շա­հիլ»։ Ան շա­րու­նա­կեց, որ ճշմար­տու­թիւ­նը այս նիւ­թին շուրջ հար­կա­ւոր է բո­լո­րին եւ այդ ճշմար­տու­թեան ան­կա­րե­լի է հաս­նիլ այլ եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րէն, ծե­րա­կոյտ­նե­րէն հա­կա­թուրք ո­րո­շում­ներ ա­պա­հո­վե­լով, մե­տիա­նե­րու մօտ գրու­թիւն­նե­րով եւ քա­րոզ­չու­թեամբ։ «Մենք շատ լաւ գի­տենք, թէ այդ ար­շա­ւանք­նե­րը ինչ­պէս յա­ռաջ կը տա­րուին։ Այս ար­խիւ­ներն են այն տե­ղը, ուր պի­տի ո­րո­նուի ճշմար­տու­թիւ­նը։ Սա­կայն մեր այս կո­չը ցարդ մնաց ան­փո­խա­դարձ», ա­ւել­ցուց Էր­տո­ղան ու շեշ­տեց, թէ ի պա­հան­ջել հար­կին Թուր­քիա պատ­րաստ է նոյ­նիսկ բա­նա­լու բա­նա­կի ար­խիւ­նե­րը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին հա­մոզ­մամբ, Թուր­քիոյ բո­լոր ա­ռա­ջարկ­նե­րը կը թո­ղուին ա­նար­ձա­գանգ, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ բուն նպա­տա­կը չէ ճշմար­տու­թեան գտնուի­լը, այլ՝ ստեղ­ծուած ըն­կա­լու­մի մը մի­ջո­ցաւ կը փոր­ձեն Թուր­քիոյ վրայ յար­ձա­կիլ, Թուր­քիոյ վնաս պատ­ճա­ռել։ «Ոե­ւէ մէ­կը թող չսրտնե­ղի, մենք այս նիւ­թին շուրջ ոե­ւէ մէ­կուն տա­լիք հա­շիւ մը չու­նինք», ա­ւել­ցուց Էր­տո­ղան։

Հա­մաշ­խար­հա­յին ար­խիւ­նե­րու վա­րիչ­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով բա­ցուած ցու­ցա­հան­դէ­սը Էր­տո­ղան շրջե­ցաւ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Էօ­մէր Չե­լի­քի այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Ձեռ­նար­կը կ՚ընդգր­կէր 43 երկ­րի ազ­գա­յին ար­խի­ւէն մէկ­տե­ղուած 121 փաս­տա­թուղթ, լու­սան­կար եւ քար­տէս։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան ըսաւ, թէ անկարելի է լոպիներու միջոցաւ իրաւունք երեւան բերել։ Արդարեւ, ամուր կանգնած Թուրքիա մը կայ եւ այդպէսով անկարելի է հասնիլ արդիւնքի մը։

Միեւնոյն ժամանակ հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, թէ Չանաքքալէի պատերազմի 100-ամեակին առթիւ Ապրիլի 23-24-ին պիտի կազմակերպուի Մի-ջազգային խաղաղութեան գագաթաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի մօտաւորապէս երեսուն երկիրներէն պետութիւններու եւ կառավարութիւննե-րու ղեկավարներ։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015