ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԶՈՀԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ բա­խում­ներն ու լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուին։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան ե­րեք հայ զի­նուոր­նե­րու մա­հուան։ Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի զին-ւո­րա­կան քննչա­կան ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ ա­ռա­ւօտ ժա­մը շուրջ 08.30-ին պա­տա­հած բա­խում­նե­րուն զոհ գա­ցին՝ Յա­կոբ Խա­չատ­րեան, Ար­շակ Յա­րու­թիւ­նեան եւ Ե­դուարդ Հայ­րա­պե­տեան։ Չորս հայ զի­նուոր­ներ ալ վի­րա­ւո­րուած են։ Բա­խում­նե­րը ծա­գած են՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րէն հե­տա­խու­զա­կան խում­բի մը կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ բա­խում­նե­րը ապ­րուած են Կիւ­լիս­տա­նի շրջա­կայ­քին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կէն յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան ջո­կա­տի մը ու­ժե­ղա­ցած խում­բի յար­ձակ­ման պատ­ճա­ռով։ Շուրջ եր­կու ժամ տե­ւած են բա­խում­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քին նախ հայ դիր­քա­պահ­նե­րը ա­պա­հո­ված են նա­խա­յար­ձակ­նե­րու ետ մղու­մը, ա­պա օգ­նու­թեան հա­սած ու­ժե­րուն հետ միա­սին զա­նոնք հե­տապն­դե­լով ոչն­չա­ցու­ցած են դիր­քե­րու մա­տոյց­նե­րուն։ Դէպ­քին ժա­մա­նակ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը տուած են առ­նուազն եր­կու զոհ եւ վի­րա­ւոր­ներ։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ե­րէկ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն տրա­մադ­րեց նաեւ ա­զէ­րի զի­նուոր­նե­րուն կող­մէ մար­տա­դաշ­տի վրայ թո­ղուած զա­նա­զան տե­սա­կի զէն­քե­րու եւ զի­նամ­թերք­նե­րու լու­սան­կար­նե­րը։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի կող­մէ յետ մա­հու պար­գե­ւատ­րուե­ցան բա­խում­նե­րուն զոհ գա­ցած ե­րեք հայ զի­նուոր­նե­րը։

Վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման վտանգ մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Ըստ ի­րեն, հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը պատ­րաստ են ի­րա­վի­ճա­կի ա­մէն տե­սակ զար­գաց­ման։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեանն ալ խստօ­րէն դա­տա­պար­տեց վեր­ջին դէպ­քե­րը։ Բան­բե­րը յայտ­նեց, որ Պա­քու կը ցու­ցադ­րէ իր բա­ցա­յայտ ար­հա­մար­հան­քը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան յոր­դոր­նե­րուն դէմ։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015