ՀԻՆԳՇԱԲԹԻԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑԸ
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) նախաձեռնութեամբ, 2015 թուականի ոգեկոչման առաջադրութեամբ կազմակերպուած Հինգշաբթիի զրոյցներուն շարքը երէկ շարունակուեցաւ հետաքրքրական հանգրուանով մը։ Հերթական ձեռնարկին ատենախօսն էր Գոճաէլիի համալսարանի դասախօսներէն Օյա Կէօզէլ Տուրմազ։ Բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Կիւվէն Կիւրքան Էօզթան, որ այս զրոյցներու շարքի համակարգողներէն մին է։
Օյա Կէօզէլ Տուրմազ կանգ առաւ Կեսարիոյ եւ շրջակայքին 1918-1920 թուականներուն ապրուած իրադարձութիւններուն վրայ՝ հայոց պատկանող, «սեփականատէրը անյայտ» ստացուածքի յանձնման, վերադարձման վրայ։ Ատենախօսը նիւթը մեկնաբանեց Առաջին աշխարհամարտին յաջորդած մթնոլորտի իրադրութեան մէջ։ Արդարեւ, 1915 թուականի վերջաւորութեան, յայտնի դարձած էր, որ Օսմանեան կայսրութիւնը պարտուած դուրս պիտի գար Առաջին աշխարհամարտէն։ Օյա Կէօզէլ Տուրմազ ըսաւ, որ այդ կէտէն սկսեալ փոփոխութեան ենթարկուած էր հայոց վերաբերեալ քաղաքականութիւնը։ Թոյլատրուած էր տեղահանեալներու վերադարձը։ Առաջին առթիւ այդ վերադարձը թէեւ հայերուն տեսակէտէ ապրուած ցաւերու եւ փլուզման աւարտը ըլլալ կը թուէր, սակայն միեւնոյն ժամանակ բազում ինքնուրոյն խնդիրներ յառաջացած էին։ Ատենախօսը բացատրեց, որ այդ խնդիրներու շարքին առանձնայատուկ եղած է «սեփականատէրը անյայտ» հայոց կալուածներուն վերադարձը։ Կեսարիա վերադարձած հայերուն տեսակէտէ դիւրին չէր եղած ստացուածքին վերստին տիրանալը։ Արդարեւ, բազմաթիւ շրջաններու մէջ տեղական իշխանաւորներու եւ անոնց շրջապատին համագործակցութեամբ ստացուածքը վերադարձնելու ուղղեալ գործընթացը կաթուածահարուած է։ Օյա Կէօզէլ Տուրմազ այս բոլորը մեկնաբանեց զանազան օրինակներու լոյսին տակ։ Ան մատնանշեց, թէ այդ շրջանին համապատասխան դիմումները կը կատարուէին ներքին գործոց նախարարութեան մօտ եւ այս վերջնոյն կողմէ կը յարուցուէին բազում խոչընդոտներ։
Պատմութեան հիմնարկի Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքին յաջորդ ատենախօսը պիտի ըլլայ Մելթէմ Թոքսէօզ, որ պիտի արտայայտուի Ատանայի նման իրադարձութիւններուն առընչութեամբ։