ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՊԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Ստե­փա­նա­կեր­տի Մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պա­լա­տին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ տե­ղի ու­նե­ցած է «Կրա­ցիա» պա­րի փա­ռա­տօ­նին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ նուի­րուած պա­րու­սոյց Է­լէ­նա Սարգ­սեա­նի յի­շա­տա­կին:

Ըստ «Ար­ցախփ­րէս»ի, փառատօնին հանդէս ե­կած են Արցախի պարի պե­տա­կան  խում­բի, Յա­կոբ Կիւր­ճեա­նի ա­նուան ա­րուես­տի դպրո­ցի, Ստե­փա­նա­կեր­տի ման­կա­պա­տա­նե­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեդ­րո­նի, պա­րա­րուես­տի գո­լէ­ճի սա­նե­րը:

Մաս­նա­կից­նե­րը ներկայացուցած են Էլէնա Սարգ­սեան-ան­հա­տը՝ բնու­թագ­րե­լով զինք, իբ­րեւ օ­րի­նա­կե­լի, կիրթ, գրա­գէտ, պա­հանջ­կոտ անձ. ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը ա­նոր մա­սին կի­սուած են նաեւ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րով, ցու­ցադ­րուած են ա­նոր մա­սին պատ­մուող լու­սան­կար­ներ:

Ար­ցա­խի Մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու  նա­խա­րար Նա­րի­նէ Ա­ղա­պա­լեան իր ե­լոյ­թին մէջ ը­սած է, որ Է­լէ­նա Սարգ­սեա­նի  նման մար­դոց նուի­րուած ձեռ­նարկ­նե­րը շատ կա­րե­ւոր են: «Ին­ծի բախտ չէ վի­ճա­կուած աշ­խա­տե­լու Է­լէ­նա Սարգ­սեա­նի հետ, բայց փոքր ժա­մա­նակ բախտ ու­նե­ցած եմ ապ­րե­լու ա­նոր հա­րե­ւա­նու­թեամբ. ա­նոր լու­սա­ւոր կեր­պա­րը մնա­ցած է իմ ման­կա­կան յու­շե­րուն մէջ: Ա­րուես­տի հետ իմ ա­ռա­ջին կեն­դա­նի շփու­մը նոյն­պէս ի­րա­կա­նա­ցած է ա­նոր մի­ջո­ցով: Շատ կա­րե­ւոր է, որ մենք կը յի­շենք մեր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը, մեր մե­ծե­րը, ո­րոնք կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած են Ար­ցա­խի մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ։ Այն, որ այ­սօր մենք կրնանք պա­րի փա­ռա­տօն կազ­մա­կեր­պել`  ու­նե­նա­լով մեծ թի­ւով մաս­նա­կից­ներ, կը նշա­նա­կէ, որ զուր չեն ե­ղած ա­նոր եւ մեր միւս պա­րա­րուես­տի ու­սու­ցա­նող­նե­րուն թա­փած ջան­քե­րը: Այս փա­ռա­տօ­նը յար­գան­քի իւ­րօ­րի­նակ տուրք  մըն է Է­լէ­նա Սարգ­սեա­նի յի­շա­տա­կին», ը­սած է ան:

Իր հեր­թին, Ստե­փա­նա­կեր­տի պա­րա­րուես­տի գո­լէ­ճի տնօ­րէն Սթել­լա Զա­քա­րեան յայտ­նած է, թէ ի­րենք միա­սին աշ­խա­տած են։ «Ես հի­մա­ցած ե­ղած եմ իր­մով՝ իբ­րեւ մարդ, պա­րու­սոյց-ման­կա­վարժ։ Հպարտ եմ, որ ճանչ­ցած եմ Սարգ­սեա­նը: Ան խստա-­պահանջ, ար­դար եւ ազ­նիւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր», ընդգ­ծած է Զա­քա­րեան:

Ստե­փա­նա­կեր­տի պա­րա­րուես­տի գո­լէ­ճի դա­սա­կան պա­րե­րու բաժ­նի վա­րիչ, վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գի­տու­հի Թա­թիա­նա Միր­զո­յեան, իր խօս­քին մէջ նշած է, որ փա­ռա­տօ­նը ստա­ցած է «Կրա­ցիա» ա­նուա­նու­մը, ո­րով­հե­տեւ բո­լոր մրցոյթ­նե­րուն, ո­րոնց կը մաս­նակ­ցէին Է­լէ­նա Սարգ­սեա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, խում­բը հան­դէս կու գար այդ ա­նու­նով:

«Ար­ցա­խի մէջ պա­րա­րուես­տի զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ անգ­նա­հա­տե­լի է Է­լէ­նա Սարգ­սեա­նի աշ­խա­տանքն ու նուի­րու­մը: Է­լէ­նա Սարգ­սեան հիա­նա­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր՝ դրա­կան,  ազ­նիւ, հա­մեստ,  խիստ, խե­լա­ցի, բա­րե­հո­գի: Ան կը հասց­նէր ըլ­լալ ա­մէ­նուր եւ ը­նել, ա­մէն ինչ։ Ուր որ աշ­խա­տած է ան, այն­տեղ հա­սած է լուրջ ար­դիւնք­նե­րու: Իսկ Է­լէ­նա Սարգ­սեան պա­րա­րուես­տի բնա­գա­ւա­ռին մէջ աշ­խա­տած է շուրջ քսան­հինգ տա­րի: Է­լէ­նան ին­ծի հա­մար ե­ղած է թէ՛ հա­րա­զատ բա­րե­կամ, թէ՛ ըն­կե­րու­հի, թէ՛ խորհր­դա­տու  եւ թէ ու­սու­ցիչ: Ան ե­ղած է օ­րի­նա­կե­լի մարդ, հո­գա­տար եւ ան­զու­գա­կան մայր, հա­ւա­տա­րիմ կին, փոր­ձուած ման­կա­վարժ», ը­սած է Թա­թիա­նա Միր­զո­յեան:

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղած են Ար­ցա­խի Կրթու­թեան, գի­տու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան  նա­խա­րար Սլա­ւա Աս­րեան, պա­րու­սոյց­ներ, ա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ հիւ­րեր:

Միւս կող­մէ, Մար­տի 24-ին պի­տի կա­յա­նայ «Կրա­ցիա» պա­րի փա­ռա­տօ­նի ժո­ղովր­դա­կան փու­լը, Մար­տի 31-ին՝ դա­սա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­կից փու­լը, իսկ Ապ­րի­լի 6-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ կա­լա-հա­մեր­գը: Փա­ռա­տօ­նին պի­տի մաս­նակ­ցին Մար­տունիի, Մարտակերտի, Շուշիի, Ասկերանի, Հադրութի շրջանները, ինչպէս նաեւ Ստե­փա­նա­կեր­տի ա­րուես­տի դպրոց­նե­րու սա­նե­րը:

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017