«ԿՐՕՆԻՆ ՄԷՋ ՋՈՒՐԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ» ՆԻՒԹՈՎ ՍԵՄԻՆԱՐ

Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ կրօնի բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն նպատակն էր ուսումնասիրել տարբեր կրօններու մէջ ջուրին մարմնաւորած խորհրդանիշն ու իմաստը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը։

Իր բացման խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան յայտնեց, որ կրօնին մէջ ջուրը խորհրդանիշն է կեանքի եւ բիւրեղութեան: Ան հրաւիրեց բոլորը՝ փոխելու մարդկային մտայնութիւնը եւ շեշտը դնելու ո՛չ թէ քանակին, այլ՝ որակին վրայ: Անոր համաձայն, սովորաբար հարցականներէ հեռու կը մնայ որակը, ինչպէս նաեւ՝ անհրաժեշտ ռազմավարութիւնը, խոհեմութիւնը եւ տեղական ու տարածքաշրջանային ռազմավարութիւնները, զորս կարելի է մշակել, ֆինանսաւորել եւ իրականացնել:

Առաջին բանախօսն էր Տքթ. Ռեն Եուսեֆ, Հայկազեան համալսարանի մէջ կենսոլորտային գիտութեան դասախօս, որուն նիւթին խորագիրն էր՝ «Մեր ջուրը, մեր ոսկին»: Ան լուսարձակի տակ առաւ քանի մը հիմնական մարտահրաւէրներ, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի մէջ ջուրի սակաւութեան եւ որակին:

Յաջորդական երեք ներկայացումներ լուսարձակի տակ առին ջուրին կարեւորութիւնը եւ անոր խորհրդապաշտութիւնը կրօնին մէջ:

Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ գրականութեան դասախօս Տքթ. Հոսն Ապուտ  ներկայացուց հետեւեալ նիւթը. «Քուրանին մէջ ջուրը՝ կեանքի աղբիւր»։ Ան ուրուագծեց Քուրանին մէջ ջուրին իմաստը՝ եզրակացնելով, որ կեանքի տարբեր երեւոյթներու համար ջուրը  Աստուծոյ կողմէ տրուած սուրբ նուէր կը նկատուի:

ԻՐՖԱՆ հիմնարկի ընդհանուր քարտուղարը՝ շէյխ Տքթ. Սեմի Ապիլմոնան ալ լուսարձակի տակ առաւ իսլամական կրօնին մէջ ջուրին աստուածաբանութիւնը՝ տիւրզիներուն տեսանկիւնէն դիտուած: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ մարդոց պատասխանատուութեան, զոր անոնք ունին ջուրը պահպանելու առումով՝ զայն նկարագրելով իբրեւ «երկրագունդին շնորհուած պարգեւ, դրախտէն տրուած նուէր եւ անոնց միջեւ կամուրջ»:

Ապա ներկայացուեցաւ ուսումնասիրութիւն մը՝ «Քրիստոնէական հաւատքին մէջ ջուրը իբրեւ հաշտութեան խորհրդանիշ» նիւթով, որուն մէջ վերլուծուած է ջուրին նկատմամբ քրիստոնէական մօտեցումը: Ուսումնասիրութիւնը ներկայացուցին Քալեպ Հաչըրսոն (Արաբական մկրտչական աստուածաբանական դպրոցի պատմական աստ-ւածաբանութեան դասախօս) եւ Վիլիպերթ վան Սաան  (Հայկազեան համալսարանին մէջ կրօնի դասախօս): Երկու դասախօսներն ալ լուսարձակի տակ առին քրիստոնէական մկրտութեան մէջ ջուրի պատկերացումը՝ նշելով, որ հաւասարակշռուած, ամբողջական հոգեւոր մկրտութեան աստուածաբանութիւնը կարեւոր է:

Սեմինարին երկրորդ բաժինով անդրադարձ կատարուեցաւ ջուրին վերաբերող գործնական երեւոյթներու:

«Ռոշա ինթըրնէյշընըլ» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քրիս Նայլըր հաստատեց, որ կենդանի էակներու խնամքը եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւններէն է: Նայլըր ներկայացուց Պեքաայի «Աամիք» ծրագրի հիմնական մասերը:

Իր կարգին, Պիոն Զիմփրիչ յայտնեց, որ յորդանանեան տարբեր նախարարութիւններու եւ կրօնական ղեկավարներու միջեւ գործակցութիւնը առաջնորդեց ջուրի նկատմամբ զգաստութեան յաւելման եւ արդիւնաւէտութեան: Զիմփրիչ օրինակները տուաւ Ուրբաթի նամազին եւ դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ կրօնական դաստիարակութեան, ուր ջուրի նկատմամբ գիտակցութեան հարցը մեծապէս շեշտուած է:

Ապա երկու զեկուցաբերներ մասնակցեցան զրոյցի մը, որուն ընթացքին բարձրացուցին ջուրի պահպանման հարցը Լիբանանի մէջ: Զրոյցը կը վարէր Հայկազեան համալսարանի Արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Արտա Էքմեքճին:

Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի դասախօս Տքթ. Տեզիրէ Քազզի բարձրացուց ջուրի սակաւութեան հարցը՝ իբրեւ ժխտականօրէն զարգացող խնդիր, յատկապէս՝ աճող բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն համար, երկրորդ հիմնական հարցը նկատելով բնապահպանական պաշարներու կառավարման ռազմավարութիւններու բացակայութիւնը:

Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ հանրային քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու «Իսլամ Ֆարես» հիմնարկի կենսոլորտային փոփոխութեան եւ բնական միջավայրի պահպանման ծրագրի տնօրէն Տքթ. Նատիմ Ֆարաժալլա յայտնեց, որ կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է Լիբանանի մէջ ջուրի յանձանձման աւելի լաւ ձեւեր գտնել՝ շեշտելով, որ պէտք է ջուրի մսխումը նուազագոյնի հասցնել եւ բարելաւել ջուրի մատակարարումը:

Աւարտին ներկաները ուղղեցին հարցումներ, ստացան պատասխաններ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան քննարկումներ:

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018