«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՇՈՒՐՋ 40 ՀԱԶԱՐ ԳԱՆՁ ԿԱՅ»

Խաչքարերը պէտք չէ կրկնուին, կ՚ըսէ վարպետը եւ Աստուծմէ ուժ ու գեղարուեստական շնորհ կը խնդրէ՝ հազար անկրկնելի խաչքարերու համար:

Հայաստանի մէջ մինչեւ հիմա կան շուրջ 40 հազար մշակոյթային գանձեր՝ խաչքարեր, կը պատմէ ֆրանսական TV5 Monde հեռատեսիլային կայանը Հայաստանի մէջ խաչքար պատրաստելու արուեստին նուիրուած իր տեսանիւթին մէջ:

«Խաչքարերը միշտ գտնուած են եկեղեցիներու մօտ, գերեզմանատուներու մէջ, վանքերու պատերուն եւ կամուրջներու եզրապատերուն: Որպէս կանոն՝ ատոնք ուղղուած են արեւմուտք:

Ատոնք պատրաստած են՝ ի յիշատակ մահացածներու, ռազմական յաղթանակի կամ պատմական իրադարձութեան: Ատոնք յարգանք կ՚արտայայտեն խաչի նկատմամբ, որ քրիստոնէական հաւատքի ու հայկական ինքնութեան պահպանման խորհրդանիշն է», կը պատմէ տեսանիւթին հեղինակը:

Թղթակիցները այցելած են քանի մը եկեղեցիներ եւ Վանաձոր քաղաքի արհեստանոցներէն մէկը:

«Քաղաքը եղած է Հայաստանի քիմիական արդիւնաբերութեան կեդրոններէն մէկը: Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք գործարանները փակուած են: Անոնց պատերու կմախքները կ՚երեւին կանաչ բնապատկերի՝ Փամբակ գետի կիրճին մէջ:

Քաղաքի արուեստանոցներէն մէկուն մէջ հին մշակոյթը կը վերածնէ Սերկէյ Դանիէլեան՝ տեղւոյն գեղարուեստական ուսումնարանի շրջանաւարտը: «Ես արդէն հինգ հարիւր խաչքար պատրաստած եմ, եւ ոչ մէկը միւսին նման է: Ես կը հաւատամ, Աստուած ինծի ուժ տուած է ստեղծելու հազարը»,  կ՚ըսէ վարպետը:

1972 թուականին ան եղած է այն քիչերէն, որոնք Հայաստանի մէջ զբաղած են խաչքարագործութեամբ: Այդ տասնամեակներու ընթացքին շատ սաներ դաստիարակած է: Հիմա ան գոհ է. Հայաստանի մէջ լաւ վարպետները շատ են:

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018