ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԸ

Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան Ուաշինկթընի մէջ պարգեւատրեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Բակօ Սահակեան վերջերս այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Արցախեան շարժման 30-ամեայ յոբելեանին առթիւ իրականացաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին ան ամերիկացի քաղաքական գործիչներու առընթեր մէկտեղուեցաւ նաեւ ամերիկահայ համայնքէ յառաջատար դէմքերու հետ։

Այս ամբողջին մէջ Բակօ Սահակեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» մետայլով պարգեւատրեց Պերճ Սեդրակեանը՝ առ ի գնահատանք ՀԲԸՄ-ի կողմէ Արցախի պետականաշինութեան ջանքերուն բերուած զօրակցութեան 

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018