ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԼԱՅՊՑԻԿԻ ԳԻՐՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան մասնակցած է Մարտ 15-18 թուականներուն միջեւ Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ամենամեայ Գիրքի միջազգային տօնավաճառին:

Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած են հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու, նկարիչներու ստեղծագործութիւններ, հայոց պատմութեան վերաբերեալ հայ եւ օտարազգի հեղինակներու աշխատանքներ:

Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան հանդիպած է տօնավաճառի գլխաւոր տնօրէն Օլիվըր Ցիլլէի, ինչպէս նաեւ տարբեր խոշոր հրատարակչութիւններու ղեկավարներու հետ:

Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են ընդլայնելու տօնավաճառին Հայաստանի մասնակցութիւնը եւ այս ուղղութեամբ ձեռք բերել շարք մը պայմանաւորուածութիւններ:

Դեսպանը կարեւոր համարած է նաեւ Երեւանի մէջ Կէօթէի կեդրոնի բացումը՝ Հայաստանի մէջ գերմաներէնի տարածման, գերմաներէն լեզուով հայ գրականութիւնը ընթերցողին հասանելի դարձնելու հարցերով:

Լայպցիկի Գիրքի միջազգային տօնավաճառը երկրորդն է Գերմանիոյ՝ Ֆրանքֆուրթի Գիրքի տօնավաճառէն ետք: Անիկա սկիզբ առած է 17-րդ դարուն, կ՚ընդունի աւելի քան 200 հազար այցելու:

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018