ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հայկական ֆութպուլի արդի մեծ աստղը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ ընկերական խաղեր պիտի ունենայ Էսթոնիայի եւ Լիթվանիայի հաւաքականներուն հետ։ Այս առթիւ Հենրիխ Մխիթարեանն ալ Երեւան մեկնած է մասնակցելու համար մարզումներուն։

Մխիթարեանի ներկայ այցը առիթ հանդիսացաւ յատկանշական հաւաքոյթի մը։ Անցեալ տարի ան ընտրուած էր երկրի լաւագոյն մարզիկը եւ այդ կոչումը նուաճելու զուգահեռ՝ իրեն համար նախատեսուած էր ինքնաշարժ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հենրիխ Մխիթարեան այդ ինքնաշարժը նուիրաբերեց վիրաւոր ու հաշմանդամ զինուորներու վերականգնման կեդրոնին։ Ան երէր այցելեց «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ուսանողներու եւ բժշկական անձնակազմին հետ։ Մխիթարեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանի գլխաւորութեամբ։ Բժշկական համալսարանէ ներս Հենրիխ Մխիթարեան ծանօթացաւ վիրաւոր ու հաշմանդամ զինուորներու վերականգնման կեդրոնի գործունէութեան։ Նկատի ունենալով, որ ան Հայաստանի անցեալ տարուան տասն լաւագոյն մարզիկներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած էր՝ իրեն բաժին վիճակած ինքնաշարժը նուիրաբերեց այդ վերականգնման կեդրոնին։

Հարկ է նշել, որ Մխիթարեան ամէնուրեք կ՚արժանանայ իր համակիրներու եւ մարզասէրներու ջերմ վերաբերմունքին։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018