«Ո՛Չ ԹԷ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ, ԱՅԼ՝ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախը բանակցութիւններուն ներգրաւելու ուղղեալ իր յայտարարութիւններու շարքը ո՛չ թէ մարտահրաւէր մըն է, այլ՝ երկխօսութեան հրաւէր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետ Փաշինեան երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ Ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Մատենադարանի երդիքին տակ։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Արցախը հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն ներգրաւելու ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ յառաջ քշուած օրակարգը նորութիւն մը չէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ Ատրպէյճանի տեսակէտէ։ Լրագրող մը հարց տուաւ, թէ որքա՞ն պատրաստ է սպասել Հայաստան, եթէ Ատրպէյճան չհամաձայնի Արցախը բանակցային գործընթացին ներգրաւելու դիրքորոշման հետ։ Ի պատասխան ան ըսաւ.

«Սպասելու անհրաժեշտութիւն ընդհանրապէս չկայ։ Դիւանագիտական գործընթացի մէջ պէտք է պարզապէս հետեւողականօրէն աշխատիլ, որովհետեւ ես անկեղծ ըսեմ՝ այն ինչ, որ հրապարակայնօրէն կ՚ըսուի, նորութիւն մը չէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ մեր ատրպէյճանցի գործընկերներուն համար։ Այն ինչ, որ ըսած են այս ընթացքին, այդ օրակարգը ես որոշ շփումներու ընթացքին առաջարկած եմ։ Սա նոյն օրակարգն է, որ ձեւաւորուած է 2018 թուականի մայիսին, այդ օրակարգի սպասարկումը մենք կը շարունակենք եւ կ՚ուզենք արձանագրել կարեւոր նրբութիւն մը։ Ինչպէս արդէն Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած եմ, սա մեր կողմէ ո՛չ քմահաճոյք է, ոչ ալ նախապայման։ Սա ձեւաչափի փոփոխութեան առաջարկ մը չէ, բանակցային ձեւաչափի վերականգնման առաջարկ մըն է։ Մենք այս նիւթին շուրջ քննարկումը պիտի շարունակենք մեր գործընկերներուն հետ եւ պիտի փորձենք այդ քննարկումը շարունակել փաստարկներու դաշտի մէջ, որովհետեւ բանակցութիւնը բանակցութիւն է այն բանով, որ մենք զիրար կը լսենք։ Հայաստան ցուցաբերած է այդ ընդունակութիւնը՝ լսել դիմացինը, փորձել հասկնալ դիմացինը եւ մենք նոյնը կ՚ակնկալենք նաեւ իրենցմէ։ Այնտեղ, ուր մեր գործընկերները կը համարեն, որ մեր դիրքորոշումը կրնայ գնահատուիլ չափէ դուրս կարծր, մենք կրնանք այդ դիրքորոշումը մեղմացնել, բայց մենք նոյն ակնկալիքը պէտք է ունենանք նաեւ մեր գործընկերներէն, որովհետեւ հակառակ պարագային խօսակցութիւն տեղի չ՚ունենար»։

Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուց, որ Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւնը ըրած է Ազգային ժողովէ ներս վարչապետի ընտրութեան հարցի քննարկման ժամանակ։ Իսկ վարչապետ ընտրուելու յաջորդ օրը նոյն յայտարարութիւնը կրկնած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

«Այս յայտարարութիւններու շարքը մարտահրաւէր մը չէ, սա երկխօսութեան հրաւէր է, երկխօսութեան գործընթաց է։ Այդ երկխօսութիւնը նոր չէ սկսած։ Սա սկսած է Տուշանպէի մէջ, շարունակուած է Սեն Փեթերսպուրկի, Տաւոսի մէջ, յաջորդ երկխօսութիւնը չեմ գիտեր ո՛ւր տեղի կ՚ունենայ։ Մենք չենք պատկերացներ վիճակ մը, ուր կողմերէ մին ըսէ, թէ երկխօսութենէ կը հրաժարի։ Սա տրամաբանական մօտեցում մը չ՚ըլլար, մենք ալ չենք հրաժարիր երկխօսութենէ, իսկ այդ երկխօսութեան ընթացքին սեղանի վրայ կը դնենք մեր փաստարկները եւ ուշադիր կը լսենք մեր գործընկերներու հակափաստարկները։ Կը կարծեմ, թէ շինիչ եւ արդիւնաւէտ լուծումը կամ շարունակութիւնը այս իսկ տրամաբանութեան շրջանակին մէջ պէտք է ըլլայ», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Հարկ է նշել, որ ներկայիս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները պատրաստութեան ձեռնարկած են Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վերջերս յայտարարած էր, որ Մոսկուա համաձայն կրնայ գտնուիլ Արցախի բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալուն՝ եթէ Երեւան եւ Պաքու համաձայնին այս ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019