ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց ճատրակի մեծանուն վարպետ Լեւոն Արոնեանը։ Հանդիպման ընթացքին Լեւոն Արոնեան պատմեց իր յառաջիկայ ծրագրերու եւ մասնակցելիք մրցաշարքերու մասին։ Ցայսօր համաշխարհային ողիմպիականներու եռակի ախոյեան դարձած Լեւոն Արոնեան ընդգծեց, որ բաւական յագեցած տարի մը կը գտնուի իր առջեւ։

Նախագահ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթեց Լեւոն Արոնեանին եւ ըսաւ. «Քու իւրաքանչիւր յաղթանակ հպարտութեան հրաշալի պահեր կը պարգեւէ մեր ժողովուրդին»։ Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, թէ յառաջիկային նման պահեր շատ կ՚ըլլան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019