ՃԷՅՄԻ ՏԷՅՎԻՍ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Յայտնի ճազ երգիչ Ճէյմի Տէյվիս երեւանեան համերգի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Պետական ճազ նուագախումբի նուագակցութեամբ՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ երգահան Արմէն Հիւսնունցի ղեկավարութեամբ: Համերգային երեկոն տեղի պիտի ունենայ ապրիլի 5-ին, Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան դահլիճին մէջ:

Ճէյմի Տէյվիս ծնած է 1949-ին: Ունենալով ինքնատիպ ձայնային տուեալներ՝ ան պարզապէս չէր կրնար չզբաղիլ երաժշտութեամբ: 13 տարեկանին կը ստեղծէ իր սեփական ճազ խումբը: 1975-ին կը տեղափոխուի Սան Ֆրանսիսքօ, ուր կ՚աշխատի ամերիկեան այլ աստղերու հետ: 2000-ին ելոյթ կ՚ունենայ The Count Basie Orchestra-ի հետ: Իր ասպարէզին ընթացքին Ճէյմի մշտապէս հետեւած է իր ճազմէններուն՝ Ռէյ Չարլզի, Օտիս Ռետինկի, Էլ Կրինի եւ ուրիշներու օրինակին:

Տէյվիսի երգացանկին մէջ ներառուած են լաւագոյն ճազային չափորոշիչները եւ էսդրատային հիթերու նուագախմբային մշակումներ: Նորարարութեան եւ դասականի միաձուլում, ջերմ, հզօր եւ զգացմունքային պարիթոն. ահա թէ ինչո՛ւ այս ամերիկացի արուեստագէտը մեծապէս սիրուած է ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլեւ՝ երկրի սահմաններէ դուրս:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019