ՆԱԶԱՐՊԱՅԵՒ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ 79 տարեկան է ան ներկայիս։ Նազարպայեւ 1991 թուականէն ի վեր կը ղեկավարէր Ղազախիստանը, սովետական շրջանին ալ այդ երկրի առաջնորդն էր։ Ան հրաժարականի որոշումը հրապարակեց Ղազախիստանի պետական հեռուստակայանէն։

Հեռուստաելոյթի ընթացքին Նազարպայեւ տեղեկացուց, որ բոլորովին պիտի չհեռանայ քաղաքական կեանքէ։ Ան պիտի մնայ Ղազախիստանի Անվտանգութեան խորհուրդի գլուխը ու պիտի ղեկավարէ «Հայրենիքի լոյս» կուսակցութիւնը։

«Կը մտածեմ՝ շուտով իմ տեղը թողուլ երիտասարդներուն եւ հեռուէն դիտարկել զանոնք, որպէսզի սխալ մը չգործեն», ըսաւ Նազարպայեւ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019