ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Ներկայիս համաշխարհային չափանիշով վտանգ սպառնացող համաճարակ մը դուռ բացած է որ մենք զմեզ գտնենք սահմանափակուած կեանքի պայմաններուն մէջ, մատնուած՝ բանտարկեալի մը հոգեբանութեան։ Մեր կամքէն անկախ յառաջացած այս պայմաններուն մէջ երբ կը հետեւինք հեռատեսիլի մեզի ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներուն՝ կը տեսնենք, թէ մարդիկ ընդհանրապէս իրենց ապաւէնը կը փնտռեն աղօթանուէր կեանքի պարգեւած շնորհներուն մէջ։

Հաւատաւոր սրտերէ բղխած ու առ Աստուած առաքուած բառերու, խնդրանքներու շարան է աղօթքը։ Այս մէկը հաւատաւոր անձի մը համար ամենազօրաւոր զէնքն է։ Աղօթքի զօրութեան ապաւինողներ ու անով սպառազինուածներ կը հեռանան անապահովութեան առթած երկիւղէն։ Աղօթքի ապաւինողներ կրնան յուսահատութենէ հեռու պահել մարդկութեան վրայ հասած այս ժահրի փորձանքի պատճառաւ տակնուվրայ եղած իրենց կեանքերը։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ կատարուած համազգային աղօթքին միացաւ Հայ Եկեղեցին իր լրութեամբը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Հոգեւորականաց ու ժողովուրդի աղօթակցութեամբ պարզուած գեղեցիկ ու գօտեպնդիչ երեւոյթը ցուցիչն է, թէ աղօթքի համար իմաստ մը չէին ներկայացներ փակուած սահմանները. բնակարաններու փակուած դռները, քանի որ փակուած դռներու ետին պահուած հաւատաւոր անձինք ի հոգեւորս դուրս եկած էին ու իրենց գտնուած վայրերը վերածելով աղօթքի նուիրուած երեւակայական հրապարակներու։

Ս. Գրիգոր Նարեկացին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը այսօր ամէն անգամէ աւելի մօտ էին բոլորիս։ Աղօթանուէր կեանքի երկու ախոյեաններու ի խորոց սրտէ բղխած աղօթքի հանրածանօթ բառերը օգնական եղան բոլորիս։ Օգնական եղան, որովհետեւ մենք կարիքը ունէինք իրենց օգնութեան առ Աստուած դիմելու։ Անոնք դարերու ընդմէջէն ուսուցած էին աղօթել, հետեւելով մեր Երկնաւոր Վարդապետին ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին։ Անոնք՝ հոգելից սուրբեր, կրցած էին կեանքի ամէն տեսակի նեղութիւնները նկատի ունենալով ըստ այնմ աղօթել։ Հետեւաբար իրենց աղօթամրմունջ շրթունքները այսօր եւս նոյն եռանդով կու գան միանալ մեզի ու նոյն բառերը կերպով մը անոնց միջոցաւ կը տեղադրուին մեր բերաններուն մէջ, այդ նոյն բառերով նախ զԱստուած փառաբանելու ու Իր օգնութիւնը հայցելու, դիմելով՝ երկու մեծանուն Սուրբերու բարեխօսութեան։

Երկու սուրբեր, որոնց աղօթքի բառերուն մէջ կը խտանայ Սուրբ Գիրքը՝ Աստուծոյ Խօսքը։ Որքան գեղեցիկ հանդիպում էր, որ այս աղօթքը կատարուեցաւ Մեծ պահոց Միջինքին, որ աւանդաբար ունի պահոց մթնոլորտին մէջ երկրորդ բարեկենդանի մը բնոյթը, բնականաբար առանց լուծելու պահքի սրբութիւնը։ Գաւառային շրջաններու մէջ ուրախութեամբ կ՚ակնկալւէր Միջինքը, առիթ՝ ընկերային հանդիպումներու։ Այս տարի մեր մատնուած համաճարակի առթած հոգեվիճակին մէջ համազգային աղօթքի հրաւէրը Միջինքի նուէր եղաւ բոլորիս համար։ Յիշեցինք, որ Աստուած առիթը տուաւ մեզի հասնելու Մեծ պահոց կէսին։ Նաեւ լսեցինք Միջինքի կոչին, որ կը հրաւիրէ մեզ, որպէսզի Մեծ պահոց երկրորդ կէսը եւս լաւագոյնս արժեւորենք, հասնելու համար Աւագ շաբթուան եւ Սուրբ Զատկին՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարին։

Մեր աղօթքի տուները այսօր ներկայ պայմաններուն մէջ զրկուած են Ապրող Եկեղեցիներու՝ հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութենէն։ Սակայն հաւատացեալներ առիթը ունին արտաքոյ եկեղեցւոյ կատարուած առտնին աղօթքներով ի հոգեւորս միանալու աղօթքի տուներու մէջ կատարուած արարողութեանց։ Յոյսով պիտի ակնկալենք ողջունելու այն երջանիկ պահը, երբ առաջի Սրբոյ Սեղանոյ պիտի կարենանք գլխահակ մօտենալ հաղորդուելու Քրիստոսի փրկարար եւ պատուական Մարմնոյն եւ Արեան հետ։

Մենք կը պատրաստուինք Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը ընկալելու։ Չմոռնանք, որ ինչ պայմաններու հետ ալ դէմ յանդիման մնանք, Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան ուրախութիւնը եւ հոգեւոր երջանկութիւնը պէտք է ապրինք, քանի որ մեր Փրկիչը «իր մահովը մահը կոխոտեց եւ յարութեամբը մեզի նոր կեանքը պարգեւեց»։ Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, տաճարի մէջ կամ արտաքոյ տաճարի, Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը բոլորիս համար կը մնայ մշտանորոգ եւ կենսապարգեւ զօրութեամբ։ Այս հաւատքով պիտի ողջունենք Սուրբ Յարութեան աւետիսը ու զիրար պիտի ողջունենք այս աւետիսին հոգեւոր ուրախութեամբը։

Համազգային Աղօթքի ընթացքին արտասանուած յատուկ աղօթքը թող անջնջելի մնայ մեր բոլորի սրտերէն ներս։ Յիշենք Աստուծոյ զօրութիւնը. յիշենք Աստուծոյ ողորմութիւնը. յիշենք Աստուծոյ սէրը. յիշենք Աստուծոյ նախախնամութիւնը։ Հաւատքով, յոյսով ու սիրով ակնկալենք, որ Աստուած միանգամընդմիշտ հեռացնէ այս ժահրի փորձանքը։ Իր հայրական խնամքով ամոքէ բոլոր անոնց ցաւերը, որոնք կը տառապին այս ժահրի յառաջացուցած հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ։ Աստուած մխիթարէ իրենց սիրելիները կորսնցուցած անձերը։ Աստուած բոլորիս պարգեւէ համբերութիւն, տոկալու՝ կեանքի մերօրեայ դժուարութեան ու յաղթելու նեղութեան ու ցաւերուն, միշտ ի մտի ունենալով Քրիստոսի խօսքը. «…Այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս, 16.33))։

Յաղթական Քրիստոսը ընդ մեզ է եւ ընդ մեզ պիտի մնայ, երբ մենք հաստատամտութեամբ կը շարունակենք մնալ հաւատքի ժայռին վրայ։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020