ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրերու հիման վրայ երկրէն ներս կատարուեցան երկու նոր կարեւոր նշանակումներ։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն նշանակուեցաւ Եդուարդ Մարտիրոսեան։ Արման Սարգսեանն ալ նշանակուեցաւ Հայաստանի Ոստիկանութեան պետ։ ԱԱԾ-ի տնօրէնի եւ ոստիկանապետի պաշտօնները միջոցէ մը ի վեր թափուր էին եւ այժմ անոնց համար արդէն նշանակուած են նոր դէմքեր։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020