ԵԽԽՎ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ներկայ նստաշրջանին ընթացքին անմիջական ուշադրութեան առարկայ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Երէկ, ԵԽԽՎ ընդունեց հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը։ 44 պատգամաւորներու կողմէ ստորագրուած այս գրաւոր յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ այն համոզումը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի եւ ԵԽԽՎ կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն, գտնելու համար հակամարտութեան երկարատեւ ու արդար կարգաւորումը։ Շեշտուեցաւ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը հանդիսանան միջազգայնօրէն համաձայնեցուած միջնորդական ձեւաչափը։ Միեւնոյն ժամանակ ԵԽԽՎ կոչ ուղղեց, որպէսզի յարգուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շարունակական կոչերը՝ չխարխլել անոնց իրաւասութիւնը եւ չբարդացնել բանակցութիւնները։ ԵԽԽՎ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց՝ ձեռնարկել վճռական քայլերու եւ ցուցաբերել անհրաժեշտ քաղաքական կամք, հասնելու համար բանակցուած կարգաւորման, որ հիմնուած պիտի ըլլայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու առաջարկներուն հիման վրայ։ Այդ առաջարկները արտայայտուած են նախագահներու մակարդակով հրապարակուած հինգ յայտարարութիւններուն մէջ։
Մինչ այդ, ԵԽԽՎ-ի գարնան նստաշրջանին գծով, երէկ Սթրազպուրկի մէջ կարծիքի վառ փոխանակումներ տեղի ունեցան ղարաբաղեան հարցին շուրջ։ Ատրպէյճանի պատուիրակութենէն պատգամաւոր մը հարց մը ուղղեց Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքէրին։ Հայկական կողմի հասցէին քննադատական ակնարկութիւններով բանաձեւուած այդ հարցման ի պատասխան Ժան Քլոտ Եունքէր շատ հակիրճ ձեւով ըսաւ հետեւեալը. «Միակ բանը, որ կրնամ ըսել Ատրպէյճանին, հետեւեալն է՝ դադրեցուցէ՛ք կրակը, դադրեցուցէ՛ք կռիւը»։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ երէկ Սթրազպուրկի մէջ անդրադարձաւ ղարաբաղեան հարցին։ ԵԽԽՎ-ի ժողովին ընթացքին ան յիշեցուց, թէ Թուրքիա որպէս Մինսքեան խմբակի անդամ երկիր կ՚ակնկալէ հիմնախընդ-րի խաղաղ կարգաւորումը, Ատըր-պէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագծով։ Կրկնելով Անգարայի տեսակէտները՝ վարչապետը շեշտեց, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ սատարել Ատրպէյճանին՝ ժամ առաջ իր բռնագրաւեալ տարածքներու ազատման ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, ղարաբաղեան հարցը օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Եւրոասիոյ երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներու Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած առաջին համաժողովին ընթացքին։ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով մասնակցեցաւ «Միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը ի շահ 21-րդ դարուն Եւրոասիական տարածքաշրջանի երկիրներու համատեղ բարեկեցութեան» խորագրեալ համաժողովին։ Ան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին, քննադատելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումները։ Շարմազանով տարածքաշրջանի տեսակէտէ սպառնալիք մը համարեց Ատրպէյճանը եւ ընդգծեց, թէ Թուրքիա աշխարհի միակ պետութիւնն է, որ կ՚աջակցի Ատրպէյճանի յանցաւոր արարքներուն։