ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ԿՈՉԸ՝ ՀԲԸՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին ուղարկած էր շնորհաւորական մը, զոր հրատարակած էինք երէկ։ Նոյն առթիւ Պերճ Սեդրակեանն ալ հանդէս եկած է կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահին այս կոչը։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 110-րդ տարեդարձը, կը դիմաւորենք հպարտութեամբ եւ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, Միութեան համազգային առաքելութիւնը արդիւնաւորութեամբ յառաջ տանելու ծանր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ:
Այս տարի նոյնպէս, կը նշենք Հայաստանի ու Արցախի անկախ հանրապետութիւններու զոյգ 25-ամեակները ու 100-րդ տարելիցի աւարտին, կը թեւակոխենք մեր ազգի կենսունակութեան ու իրաւատիրական պայքարի նոր դարաշրջանը:
Մինչ փայլուն ապագայի հեռանկարներով, ազգովին կը գտնուինք բարգաւաճումի, անհատական փայլուն իրագործումներու, բարեկեցութեան եւ միջազգային շրջանակներու մէջ ճանաչումի բարձրակէտի մը վրայ, մեր դէմ ունինք ծանր հրամայականներ, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ, որոնք դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է մեր կարելիութիւններու միաւորումը եւ դիմադրական կամքի լարումը:
Կը գտնուինք անկիւնադարձային հանգրուանի մը առջեւ: Իրատեսութեամբ կ՚արժեւորենք անցնող յատկապէս քսանհինգ տարիներու մեր համազգային գործընթացը, իր իրագործումներով, յաջողութիւններով եւ թերացումներով: Մեր սփիւռքներու եւ համաշխարհայնական նոր իրականութեան մեզի ընձեռած առաւելութիւններուն ու հրամայականներուն լոյսին տակ, կ՚որդեգրենք համապատասխան կազմակերպչական կառոյց եւ գործելակերպ, նաեւ կը մշակենք ընդլայնուած գործակցական յարաբերութիւններ:
Մեր գլխաւոր մարտահրաւէրները կը նկատենք՝
Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անկայունութիւնը, որուն կործանիչ երեւոյթներէն վերջինը Սուրիոյ շարունակուող տագնապն է: Անիկա, միջազգային եւ շրջանային քաղաքական խմորումներով ու զինեալ հակամարտութիւններով, կը շարունակէ կազմալուծել մեր աւանդական սփիւռքի հայրենամերձ համայնքները: Այս իրադրութեան դիմաց, մենք թափով կը շարունակենք մարդասիրական օգնութիւն կազմակերպելու եւ մեր ազգակիցներու կարիքներուն հասնելու աշխատանքները:
Ատրպէյճանական ուժերու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յաճախակի եւ ծաւալուն դարձող ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը վտանգեն Արցախի եւ Հայաստանի ապահովութիւնը, կը թելադրեն մեզի ըլլալ զգօն եւ անդուլ կերպով ի գործ դնել մեր ճիգերը եւ կարելիութիւնները, զօրացնելու համար հայրենիքի անվտանգութիւնը ապահովող կառոյցները եւ աշխատանք տանիլ, միջազգային դիւանագիտական եւ հանրային շրջանակներուն մօտ իրազեկ եւ զօրակցական տրամադրութիւն մշակելու ուղղութեամբ:
Աշխարհի տարածքին, սփիւռքի համայնքները կը դիմագրաւեն ինքնութեան պահպանումի եւ կարելիութիւններու միաւորումի հրամայականը: Համայնքային աւանդական կառոյցներու արդիւնաւորութիւնը նուազած է իբր հետեւանք արեւմտեան եւ արեւելեան նոր սփիւռքներու հոլովոյթին եւ սերնդափոխութեան: Նոր սերունդը, առաւելաբար արհեստավարժ եւ գործարար երիտասարդութեամբ, ինքզինք կը բնորոշէ իր ասպարէզային եւ ընկերային մրցունակ շրջանակի յատկանիշներով ու կենցաղով եւ հետզհետէ կը հեռանայ իր ազգային ինքնութենէն: Մինչ կը շարունակենք մեր ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումին նուիրուած մեր ընթացիկ նախաձեռնութիւնները, մեր նոր ծրագիրները եւ գործունէութիւնները ուղղուած են այդ երիտասարդութեան մօտ վերարծարծելու իրենց ազգային ինքնութեան բնածին գիտակցութիւնը, ազգային ու հանրային կեանքի մարզերու եւ հայրենիքի բարգաւաճումին նպաստող նախաձեռնութիւններու մասնակից դարձնելով զիրենք: Միաժամանակ, նաեւ յայտնաբերելով ու քաջալերելով յաջող, բարձրորակ իրագործումներ, որոնք ազգային հպարտութիւն կը ներշնչեն անոնց:
Առանցքային կը նկատենք նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան հոգեւոր եւ ընկերային կարիքներուն ի նպաստ անոր դերին զօրացումը: Որովհետեւ մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ այսօր, գործնապէս, Հայ Եկեղեցին այն կառոյցն է, որ հայրենիքէն ներս թէ աշխարհի տարածքին, ներկայ ու գործօն է եւ կրնայ առաջնորդ դեր կատարել մեր բոլոր համայնքներուն մէջ:
Մեր առաքելութեան մղում տուող «Մէկ Ազգ Մէկ Ժողովուրդ» հասկացողութիւնը, Հայաստանը, Արցախը, Հայ Եկեղեցին եւ հայկական սփիւռքները միաւորող նշանաբանն է: Ան միաժամանակ, մեր առաջնահերթութիւնները, պատասխանատուութիւնները եւ ուժականութեան աղբիւրները բնորոշող գաղափարաբանութիւնն է:
Մենք հպարտ ենք մեր միութեան աւելի քան հարիւրամեայ ազգային փայլուն ու արդիւնաւոր գործունէութեամբ: Հաւատարիմ կը մնանք մեր հիմնադիրներու «Ընդհանուր Միութիւն» տեսլականին ու անկէ բխող ռազմավարութեան: Որդեգրած ենք արհեստավարժ գործելակերպ եւ մեզի գործակից ունինք արդիւնաւոր ու ծաւալուն նախաձեռնութիւններով, Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճումին եւ սփիւռքներու ուժականութեան սատարող ձեռներէց գործարարներ:
Այս առթիւ սրտագին կոչ կ՚ուղղենք մեր երիտասարդութեան ու ազգի բոլոր հատուածներուն, մեր բարերարներուն եւ անդամակցութեան, իրենց ուժերը միացնելու մեր գործընթացին, որպէսզի համախումբ եւ միասնական ոգիով նշենք ազգովին մեզի համար անկիւնադարձային այս հանգրուանը եւ պատուով ու առաւել արդիւնաւորութեամբ յառաջ տանինք մեր ազգանուէր առաքելութիւնը: