ՊԱՂԱՐԻՒՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան դէպի Արցախ կատարած այցելութեան շրջագծով երէկ բարձր պարգեւներով պարգեւատրեց Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի զինուորները, որոնք կասեցուցին Ատրպէյճանի վերջին յարձակումները։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ ան պարգեւները յանձնեց Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ։ Օրուան տեւողութեան Սարգսեան եւ Սահակեան Ստեփանակերտի զինուորական կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ այցելեցին վիրաւորեալ զինուորներուն։ Այս առաւօտ ալ Սարգսեան եւ Սահակեան խորհրդակցութիւն մը ունեցան Արցախի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Քննարկուեցան Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին եւ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով պատահած բախումներուն հետեւանքով հայկական կողմը կը շարունակէ ունենալ կորուստներ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն Գէորգ Գէորգեան (1996) երէկ առաւօտեան ժամերուն զոհ գնաց Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին։ Առկայ իրավիճակին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնները հանդէս կու գան առաւել պաղարիւն պատգամներով։ Սերժ Սարգսեան երէկ Արցախի մէջ յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի զինուորներուն վարքը, գործելաոճը յարիր չէ բնականոն զինուորի մը։ Անոնք ունին ահաբեկիչներուն բնորոշ գործելաոճ մը, իսկ ահաբեկիչ բառի հիմքին կայ նաեւ ահաբեկելը։ «Այսինքն, անոնք կ՚ուզեն մեզ ահաբեկել, կ՚ուզեն մեզ վախցնել, բնականաբար, չեն կրնար յաջողիլ։ Մենք կը վախնանք միայն մէկ բանէ՝ պատուազուրկ եւ անազատ ապրելէ։ Մենք սա չենք կրնար ընել», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Այս մթնոլորտին մէջ, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովը, որ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութիւններուն հետ պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր շփումներ կ՚ունենան Պերլինի մէջ։ Ծանօթ է, որ ներկայիս Գերմանիայ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։ Համանախագահները ԵԱՀԿ-ի գերմանական նախագահութեան տեղեկութիւններ կը փոխանցեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ յառաջիկային նախատեսուած բանակցութիւններուն վերաբերեալ, նաեւ կ՚անդրադառնան հակամարտութեան գօտիի առկայ իրավիճակին։