ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ իր հաւատացեալ հօտին։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը վաղը Ս. Յարութեան տօնին առթիւ կը մատուցանէ հայրապետական Ս. Պատարագ, որու ընթացքին կու տայ իր պատգամը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Սուրբ Զատկի պատգամը։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։

«Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք Նորա» (Ժամագիրք)։

Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ Մեր,

Սուրբ Յարութեան տօնի ուրախութիւնը համակած է մեր հոգիները, Յարութեան յաղթական բերկրանքն է ամէնուր՝ մեր շուրջը, մեր եկեղեցիներուն մէջ, ընտանիքներուն մէջ, քրիստոնեայ ողջ աշխարհի մէջ, նաեւ բնութեան զարթօնքի մէջ։ Քրիստոս յաղթական ելած է փակուած քարանձաւէն եւ հրեշտակը Իր Յարութեան աւետիսը կը հնչեցնէ թափուր գերեզմանէն։ Փրկչի յաղթանակով փշրուած են մեղքի ու մահուան կապանքները, բացուած են դռները երկնքի արքայութեան եւ մարդկանց կ՚ընծայուի աստուածային շնորհը՝ ժառանգելու յաւիտենական կեանքի անգին պարգեւը. «Ես իսկ եմ Յարութիւն եւ կեանք. ով որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտ եւ մեռնի, կ՚ապրի. եւ ով կենդանի է ու Ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան չի մեռնիր» (Յովհ. 11. 25-26)։

Քրիստոսի Յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի ուղին կը սկսի այս աշխարհէն, մարդու կեանքի վերափոխումէն, մեղքի ու չարիքներու մերժումէն, դէպի սրբութիւն ու կատարելութիւն ընթացքէն։ Արդարեւ, ուր որ բաց են մարդկային հոգիները Քրիստոսի Յարութեան լոյսի առջեւ, այնտեղ կը ցրուին ու կը նահանջեն խաւարները աստուածամերժ չարահնար խորհուրդներու, մոլորեցնող գաղափարախօսութիւններու, բաժանումներու ու բեւեռացումներու, անհանդուրժողականութեան, թշնամութեան ու պառակտումի եւ կը հաստատուին համերաշխութիւն ու միաբանութիւն, հաւատարմութիւն, սրբութիւն, սէր եւ ուրախութիւն։ «Աստուած Յարութիւն առաւ, եւ ցրուեցան Իր բոլոր թշնամիները», կ՚օրհնաբանէ ժամասացը։

Աշխարհի խաղաղութեան, հասարակութեան բարօրութեան, մարդկութեան ներդաշնակ գոյակցութեան, ընտանիքներու ամրութեան եւ ամենայն բարիքի հակառակ են այն ընթացքները, որոնք կը մերժեն Քրիստոսով նորոգութիւնը եւ գերի կը դարձնեն կեանքը մեղքին, կ՚ենթարկեն աղաւաղումներու ու կործանման։

Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը հրաւէր է բոլորին՝ ապրելու Փրկչի պարգեւած շնորհներով՝ որպէս նոր մարդ, ինչպէս կը պատգամէ առաքեալը. «Հեռո՛ւ վանեցէք ձեզմէ հին մարդը իր նախկին կենցաղով, այն, որ ապականուած է խաբեպատիր ցանկութիւններով. նորոգուեցէ՛ք ձեր մտքով եւ հոգւով ու հագէ՛ք նոր մարդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ՝ արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ» (Եփ. 4. 22-24)։ Հաւատալ Քրիստոսի Յարութեան եւ Քրիստոսով մեր Յարութեան ու մեր կեանքի վերափոխման, կը նշանակէ ո՛չ միայն յաղթանակ տանիլ մեղքի, մոլութիւններու եւ մոլորութիւններու դէմ, այլեւ՝ սիրով համակուիլ բոլորին հանդէպ՝ մերժելով արդարութեան, արժանապատուութեան եւ ամենայն մարդկայնի ոտնահարումները, տարածել հոգատարութիւն ու համընդհանուր հաճութիւն, ինչպէս Քրիստոս, «որ եկաւ եւ փրկեց բոլոր արարածները» (շարական)։ Յարութեան շնորհը ընդունած քրիստոնեայի կեանքին մէջ տեղ չունին ագահութեան, անիրաւութեան, ատելութեան, բռնութիւններու եւ Աստուծոյ պատուիրանները անտեսող այլ դրսեւորումները, որոնք մեղքէն ու մահէն Քրիստոսի պարգեւած ազատութեան մերժումն են եւ կը վերացնեն բարին ու բարիքը մարդու, ընտանիքի, երկրի կեանքէն։ Ազատութիւնը տրուած է բարին ընտրելու եւ ո՛չ թէ չարիքի ու սանձարձակութիւններու պատրուակ դարձնելու համար (հմմտ. Ա Պետ. Բ 16)։ Իրաւի, Յարութեան շնորհի ժառանգորդ ըլլալը կ՚արտայայտուի ապրելակերպի, գործերու, ո՛չ միայն անձնական ու ընտանեկան, այլեւ՝ հանրութեան, ազգին, մարդկութեան բերուած օգտակարութեան ու ներդրումի մէջ։ Այս ճանապարհով կը պայծառանայ եւ կ՚արդիւնաւորուի հաւատքը, կ՚առատանայ յոյսը, կը հաստատուի եղբայրասիրութիւնն ու միասնաբար յառաջընթացի ուղին։

Քրիստոսի չարչարանքներն ու Յարութիւնը յանուն մեզ, յանուն ողջ մարդկութեան՝ աստուածային անսահման սիրոյ արտայայտութիւնն են։ «Ան մեռաւ բոլորի համար, որպէսզի անոնք, որոնք կենդանի են, միայն իրենց համար կենդանի չըլլան, այլեւ Իր համար, որ մեռաւ եւ Յարութիւն առաւ իրենց համար (Բ Կորնթ. 5.15)։ Սէրը, սիրելիներ, անձնակեդրոն չէ, իրենը չի փնտռեր (Ա Կորնթ. 13.5), կ՚արտայայտուի իրարու հանդէպ նուիրուածութեամբ եւ հիմքն է ծաղկումի, վերելքի, Յարութեան։ Այս է այն կարեւոր պատգամը, որ Փրկիչ մեր Տէրը կը փոխանցէ մարդոց Իր օրինակով։ Տիրոջ Յարութիւնը ինքնին համընդհանրութեան, հաւաքականութեան ու միաբանութեան խորհուրդը կը բերէ աշխարհին։ Քրիստոս բոլորին բերաւ իր ծառայութիւնը, այնպէս ալ մենք ապրինք իրարու հանդէպ սիրոյ ու ծառայանուիրումի, նախանձախնդրութեան ու յանձնառութեան ոգիով։ Այս գիտակցութեամբ է, որ ի զօրու պիտի ըլլանք դիմագրաւելու մեր պետական ու համազգային կեանքի դժուարութիւնները, լուծել մեր առջեւ ծառացած խնդիրները, ամրապնդել ընտանիքները, անսասան պաշտպանել ու շէնացնել մեր հայրենիքը, աշխարհասփիւռ ազգային մեր կեանքը։ Մեր ժողովուրդը, որ ընդունած է Քրիստոսը որպէս իր Փրկիչը եւ առ Տէրը սիրով ու հաւատարմութեամբ յառնել պատմութեան արհաւիրքներէն, այսօր ալ այդ հաւատքով, այդ զօրութեամբ պիտի շարունակէ կերտել իր յաղթանակներն ու ձեռքբերումները։ Արդ, սիրելիներ, Քրիստոսի էջքով սրբագործուած մեր երկրին մէջ եւ համայն մեր կեանքին մէջ յարատեւ պահենք Քրիստոսի Յարութեան լոյսն ու զօրութիւնը եւ շարունակ նորոգուինք մեր Փրկչի պարգեւած շնորհով։ Այսպէս մենք կարող կ՚ըլլանք միասնաբար ընթանալ դէպի հզօր հայրենիքի նորակերտում, դէպի նոր հորիզոնները մեր կեանքի՝ փաստելով, որ մենք Քրիստոսով յարուցեալ ժողովուրդ ենք, Քրիստոսի ժողովուրդն ենք, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդն ենք։

Մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան ցնծալի աւետիսով կ՚ողջունենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը, Կոստանդնուպոլսոյ հայոց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը՝ իրենց ծառայութեան արգասաւորման մաղթանքով։ Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք եւ ամենայն բարեաց Մեր մաղթանքները կը բերենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանին։ Ողջոյն կը յղենք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին, հայոց պետական աւագանիին։ Սուրբ Յարութեան շնորհաբեր տօնի առիթով Մեր բարեմաղթանքները կը բերենք Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը՝ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն եւ համայն հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին։

Սուրբ Յարութեան շնորհառատ այս օրը կ՚աղօթենք, որ աշխարհի մէջ հրաշագործեն Փրկչի Յարութեան շնորհները, մարդիկ նորոգուին կեանքի, խաղաղութեան, միասնութեան բարի ձգտումներով ու իրագործումներով եւ ըլլան մէկ ընտանիք աստուածային օրհնութեան ներքեւ։ Ընտանիքին նուիրուած այս տարուան մէջ վերստին կը հայցենք, որ Քրիստոսի Յարութեան լոյսով պայծառանան ու ամրանան ընտանեկան մեր յարկերը՝ լի սիրով, համերաշխութեամբ ու երջանկութեամբ։ Թո՛ղ Տէրը Իր անսահման սիրոյ մէջ պահպանէ մեր ժողովուրդը եւ անշէջ պահէ Յարութեան լոյսն ու ուրախութիւնը մեր սրտերուն մէջ, մեր երկրին ու համայն աշխարհի մէջ։

Թո՛ղ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհը, սէրը եւ խաղաղութիւնը ըլլան մեզի հետ եւ ամէնքին. ամէն։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2019