ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհաւորեց նախագահական ընտրութիւններու մէջ արձանագրած յաջողութեան համար եւ մաղթեց ձեռքբերումներ՝ պատասխանատու պաշտօնին մէջ։ Զրուցակիցները կարեւորեցին Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ բոլոր ոլորտներու մէջ աշխոյժ համագործակցութիւնը։

Իր կարգին Արայիկ Յարութիւնեանն ալ ներկայացուց՝ որպէս նախագահ յառաջիկայի համար նախատեսած ծրագրերն ու գործողութիւնները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2020