ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆՈՒՄ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հայերէնով դասաւանդողներու համար որոշուած է առցանց ուսուցումի մրցանակ մը հաստատել։ Սա նոր մրցանակ մըն է այն ուսուցիչներուն համար, որոնք հայերէնով կը դասաւանդեն։
Ըստ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ թողարկուած հաղորդագրութեան, աշխարհի տարբեր ծագերուն, քորոնաժահրի հետեւանքով, հայերէնի ուսուցիչները ստիպուած կ՚ապաւինին առցանց ուսուցման։ Ճիշդ է, որ առցանց ուսուցումը մանկավարժական, նաեւ հոգեբանական մեծ բեռ մըն է բազմաթիւ կրթական մշակներու համար, սակայն, նկատելի է, որ այսօր սփիւռքի դպրոցները հետըզ-հետէ կը դիմեն դասաւանդումի նորարար ձեւերու։
Այս առումով, տարբեր հնարամիջոցներ գործածող ուսուցիչներ իրենց առցանց դասարաններուն մէջ կ՚որդեգրեն ուսուցման նոր ձեւեր եւ կը դիմեն փորձագիտական նոր միջոցներու։ Գնահատելու համար անոնց ջանքերը եւ նկատի առնելով իր առաջնահերթութիւնները՝ յատկապէս արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը կը փափաքի քաջալերել հայերէնով դասաւանդող սփիւռքի ուսուցիչներու համացանցային նախաձեռնութիւնները՝ մրցանակներ շնորհելով մշակուող եւ կիրարկուող ամենէն նորարար, իւրայատուկ եւ արդիւնաւէտ ծրագրերուն։
Այս ծրագրերու շարքին կրնան ըլլալ տեսերիզներ, դասերու նախագիծեր, թուային գիրքեր, համացանցային դասարաններու ձեւաւորում եւ մանկավարժական այլ նիւթեր, որոնք պատրաստուած են ուսուցիչին կողմէ՝ որպէս առցանց ուսուցման միջոց։ Նիւթերու պարունակութիւնը պէտք է ըլլայ հայերէնով, բայց պարտադիր չէ, որ անոնք վերաբերին միայն հայերէն լեզուի դասապահերուն։ Թուաբանութեան, գիտութեան, աշխարհագրութեան եւ հայերէն լեզուով դասաւանդուող որեւէ ուրիշ առարկայի դասաւանդման համար ի զօրու պիտի ըլլայ պարգեւատրման ծրագիրը։
Արժեւորումը պիտի կատարուի երկու շաբաթը անգամ մը, մինչեւ մայիսի վերջը։ Պարգեւատրեալները պիտի ստանան 500 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ նպաստ մը (նոյն անհատը կամ խմբակը երկու անգամէ աւելի պիտի չկարենայ մրցանակակիր դառնալ)։ Դիմումներուն եւ հարցումներուն համար հրապարակուած է հետեւեալ հասցէն.
armonlineteachingprize@gulbenkian.pt
Դիմումները պիտի կատարուին մինչեւ 31 մայիս 2020 թուականը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել՝
https://gulbenkian.pt/armenian-communities/
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի կայքէջը։