ՈՒՂՂԱԿԻ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄ
Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւնները պատճառ դարձան Ատրպէյճանի ժխտական արձագանգի։ Պաքուէն բարձրացուած բացասական ձայներուն վերջին օրերուն Երեւանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս պատասխանեց։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը քանի մը յայտարարութիւններով արտայայտած է իր դիրքորոշումը Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններուն վերաբերեալ։ Այս առումով Աննա Նաղդալեան շեշտադրումներ ըրաւ միայն երկու հանգամանքի կապակցութեամբ։ Ան շարունակեց.
«Առաջին, Արտպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւնները Արցախի ընտրութիւններու համատեսքին մէջ կոշտ գնահատականներ հնչեցուցած են մարդու իրաւանց եւրոպական կառոյցներու հասցէին։ Սա, ի հարկէ, պատահական չէ, որովհետեւ մարդու իրաւանց եւրոպական կառոյցներուն կողմէ այս տարի փետրուարին Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու վերաբերեալ գնահատականը փաստեց անոնց խիստ ցած օրինականութիւնը։ Ակնյայտ է, որ այն երկրին մէջ, ուր երբեւէ ժողովրդավարական գործընթացով իշխանութիւն չէ փոխուած, Արցախի մէջ մրցակցային եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններով նոր իշխանութիւններու ձեւաւորումը պէտք է յառաջացնէր ջղային արձագանգ»։
Բաց աստի, Աննա Նաղդալեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան կը փորձէ Արցախի մէջ մարդու իրաւանց դէմ ուղղեալ իր արշաւին մասնակից դարձնել միջազգային հանրութիւնը։ Այս նպատակով Պաքու չի խորշիր ընտրութիւններու վերաբերեալ միջազգային զանազան արձագանգներու ընտրովի ներկայացումէն եւ ուղղակի խեղաթիւրումէն։ Բանբերը շարունակեց.
«Արտպէյճան կը փորձէ չնկատելու տալ այդ նոյն արձագանգներու առանցքային պատգամները, որոնք կը վերաբերին իր ապագան որոշելու հարցին մէջ Արցախի բնակչութեան դերակատարման եւ Արցախի մէջ հանրային կեանքի կառավարման տեսակէտէ ընտրութիւններու անհրաժեշտութեան։ Մինչդեռ այս պատգամները խիստ էական են խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու տեսակէտէ։
«Մեր տարածքաշրջանէն ներս ժողովուրդի քուէն ստացած անոր կամքը արտայայտող եւ այդ ժողովուրդին հանդէպ իսկ հաշուետու իշխանութիւններու ձեւաւորումը խիստ կարեւոր է հակամարտութեան վերափոխման եւ ժողովուրդներու հաշտեցման համար։ Արցախի ժողովուրդը մարտի 31-ին եւ ապրիլի 14-ին այս ուղղութեամբ կատարեց հերթական կարեւոր քայլը»։