ՍԵՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու երկիրները անդրադարձան Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին, նաեւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Թրամփ համամիտ գտնուեցան, թէ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից ըլլալու բերումով անհրաժեշտ զօրակցութեան ոգիի զուգահեռ, սերտ համագործակցութեան մէջ պէտք է գտնուիլ այն վտանգներուն դէմ, որոնք քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած կը սպառնան հանրային առողջութեան եւ տնտեսութիւններուն։
Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթունն ալ շաբաթավերջին ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց Թուրքիոյ հիւանդանոցներու կացութեան շուրջ։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ մէջ համաշխարհային մակարդակով առողջապահական ծառայութիւններ կը մատուցուին։ Ըստ Ալթունի, նախագահ Էրտողան եղած է ամենահզօր գործօնը, որպէսզի ժողովուրդի առողջապահական կարիքները դիմագրաւուին անթերի ձեւով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ֆահրետտին Ալթուն դիտել տուաւ, որ Թուրքիա շատ մը երկիրները գերազանցած է եւ Եւրոպայի մէջ առաջին շարքի վրայ է խտացեալ խնամքի բաժանմունքներու տարողութեան տեսակէտէ։ Բաց աստի, առկայ համաճարակի մթնոլորտին մէջ քննութիւններու թիւը փութով բարձրացած է։ Երկրի բոլոր քաղաքացիներուն անվճար դիմակներ կը տրամադրուին։ Ալթուն յիշեցուց, որ այս բոլորին առընթեր, Թուրքիա կ՚օժանդակէ այլ երկիրներու։
Իր կարգին, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ տեղեկացուց, որ վերջին օրուան ընթացքին քորոնաժահրի հետեւանքով մահացած է 127 հոգի եւ զոհերու ընդհանուր թիւը բարձրացած է 2 հազար 17-ի։ Երէկ, Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 35 հազար 344 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած՝ 3 հազար 977 նոր վարակեալ։ Այսպէսով, Թուրքիոյ մէջ հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 36 հազար 306-ի։ Խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1922 հիւանդ, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ է 1031 հոգի։ Երէկուան դրութեամբ ապաքինած է 1523 վարակեալ։ Այսպէսով առողջացածներու թիւը բարձրացած է 11 հազար 976-ի։
Նախարար Քոճա շեշտեց, որ սահմանափակումներու վերաբերեալ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը արդէն կու տայ իր պտուղները։ «Մինչ մենք կ՚աւելցնենք օրական քննութեան հնարաւորութիւնները, ձեր պատասխանատու վերաբերմունքով նոր դէպքերը պիտի նուազին։ Վստահեցէ՛ք մեր առողջապահական համակարգին ու առողջապահութեան բանակին։ Զգուշութիւնը ձեռքէ մի՛ ձգէք», ըսաւ Քոճա։
Միւս կողմէ, Ֆահրետտին Քոճա այսօր Նախարարաց խորհուրդի անդամներուն համար հանդէս կու գայ զեկուցումով մը՝ համաճարակի շրջանին ստեղծուած կացութեան եւ ծաւալուած աշխատանքներուն շուրջ։ Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, պաշտօնական մարմինները պատրաստութիւններ կը տեսնեն նաեւ համաճարակի յաջորդելիք ժամանակաշրջանին համար։