ԴԺՈՒԱՐԻՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Սիւնիքի մարզի շարք մը համայնքները ու մանաւանդ՝ սահմանակից շրջանները այցելեց, Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան շրջանի զօրամասի մարտական դիրքերը այցելելով անոնք ծանօթացան սահմանային բնագիծին, մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորներու պայմաններուն։ Նախագահ Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան զրուցեցին նաեւ այնտեղ ծառայող զինուորներու հետ։ Սարգսեան գերազանց ծառայութեան համար խումբ մը զինուորներ պարգեւատրեց անուանական ժամացոյցներով։ Արման Թաթոյեան ընդգծեց, որ սահմանի այդ հատուածէն ներս եղած է քանի մը անգամ եւ այնտեղ զինուորները դժուարին պայմաններու ներքեւ իսկապէս հերոսական ծառայութիւն կ՚իրականացնեն։

«Դուք ձեր պարտականութիւնները լաւագոյնս կը կատարէք։ Իրարու կողքին եղէք, իրարու լաւ նայեցէք, աչալուրջ եղէք, իրարու օգնեցէք եւ հետեւեցէք ձեր առողջութեան։ Յիշեցէք ձեր ընտանիքը, ծառայեցէք հայրենիքին եւ աջակցեցէք իրարու։ Ես հրամանատարի հետ կը խօսէի, շատ բարձր կարծիք ունի ձեր մասին։ Իր գովեստի խօսքերը ձեր մասին կ՚ընդունիմ որպէս գնահատական եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին կրկին կը մաղթեմ ամրութիւն։ Վստահ եղէք, թէ մենք բոլորս կը մտածենք ձեր մասին, տղաներ։ Պինդ եղէք», ըսաւ Արմէն Սարգսեան զինուորներուն բարի ծառայութիւն մաղթելու ժամանակ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեանի եւ Արման Թաթոյեանի այս համատեղ այցելութեան ընթացքին հերթական անգամ յայտարարուեցաւ, թէ մարդու իրաւանց երաշխաւորման նպատակով Սիւնիքի մարզէն ներս պէտք է ստեղծուի անվտանգութեան գօտի մը։ Շեշտուեցաւ, որ Սիւնիքի մարզի գիւղերու հարեւանութեամբ Ատրպէյճանի բանակի զինուորներու ներկայութիւնը ապօրինի է, որեւէ իրաւական հիմք չունի։ Արման Թաթոյեան նշեց, որ կարեւոր կը համարուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի դիրքորոշումը, ըստ որու սահմաններու հարցին շուրջ առկայ է անորոշութիւն, այժմու վիճակը կը խախտէ գիւղերու բնակիչներու իրաւունքները։ Հետեւաբար, ակնյայտ է, որ Սիւնիքէ ներս անվտանգութեան գօտի մը պէտք է ստեղծուի մարդու իրաւանց երաշխաւորման համար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021