ԻՆՔՆԱԲԱՒ, ԿԱՅԱՑԱԾ ՄԱՐԴՈՑ ԹԻՒԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄԸ՝ ՆԱԽՐԱՅԻՆ ԲՆԱԶԴՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱԹՈՅՆԸ

Վերջերս գործընկերոջս յօդուածին տակ կրկին կարդացի «դուն քու փիցցան կեր» ոճի մեկնաբանութիւններու շարքը ու կրկին համոզուեցայ, թէ մենք կ՚ապրինք յետ-ճշմարտութեան (post-truth) դարաշրջանին։ Սա իրավիճակ մըն է, երբ իրականութեան հանդէպ մարդոց վերաբերմունքը, անոնց ընկալումներն ու զգացումները աւելի կարեւոր են՝ քան բուն իրականութիւնը։

Այսպիսի իրավիճակի մը յաճախ կը հանդիպինք ամերիկեան ֆիլմաշարի մը մէջ, երբ փաստաբանը կ՚ըսէ իր վստահորդ ամբաստանեալին՝ կարեւոր չէ՝ դուն կատարած ես քեզի մեղսագրուած յանցագործութիւնը կամ ոչ։ Կարեւոր է, թէ ո՞ր վարկածին պիտի հաւատան երդուեալ ատենակալները։ Եթէ քաղաքացիները (քաղաքականութեան մէջ) կամ տուեալ ապրանքը սպառողները (առեւտուրի մէջ) համարենք դատավճիռ կայացնող «երդուեալ ատենակալներ», ապա կրնանք պնդել, թէ այս պարագային ալ կարեւոր չէ, ի՛նչ կը կատարուի իրականութեան մէջ։ Կարեւոր է, թէ ինչպիսի յոյզեր կը յառաջացնէ այդ իրականութեան մատուցումը։

Իսկ մատուցման ձեւը ամբողջութեամբ քարոզիչներու ձեռքին մէջ է։ Խօսքը քարոզիչներու իսկ մասին է, ոչ թէ լրագրողներու, որովհետեւ իսկական լրագրողը միշտ կը փորձէ սպառողը մօտեցնել իրականութեան, ո՛չ թէ արթնցնել պատուիրատուներու համար ձեռնտու յոյզերը։ Վերցնենք յետ-ճշմարտութեան այսօրուայ ամենացայտուն օրինակներէն մին, որ անմիջականօրէն կ՚առընչուի «փիցցայակերութեան» մեղադրանքին հետ։ Բանաձեւը կը հնչէ այսպէս. «Անոնք, որոնք կը քննադատեն ներկայ կառավարութիւնը, կ՚երազեն, թէ նախապէս երկիրը թալանած գող-աւազակները վերադառնան իշխանութեան»։ Պնդում, որ ենթակայ չէ որեւէ տրամաբանական կամ փաստական վերլուծութեան։ Բայց յիշենք, որ բացարձակապէս կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ աղերս ունի իրականութեան հետ նման մեղադրանքը։ Կարեւորը այն է, որ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը հաւատան այդ բանին։

Եթէ մէկը ֆէյսպուքի վրայ գրէ, որ կառավարութիւնը այս կամ այն հարցին մէջ կը սխալի, տակը տասնէ հարիւր հոգի անկեղծօրէն կամ հրահանգուած կը կրկնեն «փիցցայի» վերաբերեալ մոգութիւնը՝ իր բոլոր տարբերակներով եւ կը գործէ մեծամասնութեան էֆէքթը։ Մարդիկ սովորաբար կը վախնան մնալ փոքրամասնութեան մէջ եւ պէտք է ըլլալ ամբողջութեամբ կայացած ու ինքնաբաւ՝ այս իրավիճակին մէջ սեփական տեսակէտին վրայ պնդելու համար։ Չկայացածները այլեւս չեն հրապարակեր իրենց կարծիքը։ Յետ-ճշմարտութիւնը, այսպէսով, կը ստանայ ամբողջական եւ անվերապահ իշխանութիւն։

Խնդիրը, հետեւաբար, ոչ թէ տեմակոկներու եւ փոփիւլիստներու առկայութիւնն է, ոչ ալ այն զանգուածն է, որ կ՚ապրի «յետ-ճշմարտութեան» թմբիրի մէջ։ Խնդիրը, ի վերջոյ, ինքնաբաւ, կայացած մարդոց պակասին մէջ է։ Ինչպէ՞ս ընել, որ նման մարդոց թիւը հնարաւորինս մեծնայ, ի՞նչ է նախրային բնազդներու «հակաթոյնը»։ Դարձեալ ստիպուած եմ կրկնել՝ գիտելիքը, կրթութիւնը։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021