ՄՇԱԿՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան միջանցքի ստեղծման ուղղեալ համաձայնագրի նախագծին շուրջ։ Մասնագէտներու մակարդակով տեղի ունեցան այս հեռավար ձեւաչափով բանակցութիւնները, որոնք հինգերորդն էին իրենց նմաններու շարքին։ Առցանց հանդիպման սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Գագիկ Ղալաչեան եւ Տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու փոխ-նախարար Արմէն Սիմոնեան։ Հայաստանի առընթեր այս բանակցութիւններուն մասնակցեցան նաեւ Պուլկարիոյ, Վրաստանի, Յունաստանի եւ Իրանի պատուիրակութիւնները։ Այս հինգ պետութիւններու ներկայացուցիչները վերահաստատեցին իրենց հետաքրքրութիւնը սոյն համաձայնագրի մշակման եւ ստորագրման ուղղութեամբ։

Մասնագէտներու մակարդակով յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է Պուլկարիոյ տանտիրութեամբ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021