ՆՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ատիլ Քարաիսմաիլօղլու յայտնեց, որ Ատրպէյճան սկսած է դէպի Նախիջեւան ճանապարհի մը շինարարութեան։ Ըստ նախարարին, սա պէտք է աւարտի կարճ ժամկէտներու մէջ։

Ատիլ Քարաիսմաիլօղլու «Ենի Շաֆաք» թերթի թղթակցին հետ զրուցելու ժամանակ նշեց. «Անհրաժեշտ է արդիականացնել նաեւ Նախիջեւանի երկաթուղիները եւ սկսիլ Ատրպէյճանէ դէպի Նախիջեւան ուղիղ երկաթուղիի կառուցման՝ այսպէսով ապահովելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ, այլ՝ ոչ թէ Վրաստանի տարածքով երկաթուղային հաղորդակցութիւնը»։

Ըստ նախարարին կողմէ այս կապակցութեամբ փոխանցուած մանրամասնութիւններուն, Ատրպէյճան կը ծրագրէ արդէն յառաջիկայ դեկտեմբերին ձեռնարկել համապատասխան աշխատանքներուն, ցամաքուղիի կառուցումէն վերջ։

Հայկական լրատուամիջոցներուն մօտ ալ արձագանգ գտած են նախարարին այս յայտարարութիւնները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ կը գտնուի, կը սահմանակցի Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ, բայց ոչ բուն Ատրպէյճանի հետ։ Ենթադրեալ նոր ճանապարհը պիտի անցնի Հայաստանի տարածքով, ինչ որ յաճախ կը բարձրաձայնուի յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ՝ մանաւանդ հրադադարի համաձայնութեան տրամադրութիւններով։ Յամենայնդէպս, նախարար Քարաիսմաիլօղլու վերոյիշեալ յայտարարութիւններուն մէջ չէ յիշատակած Հայաստանի անունը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021