Երեքշաբթի 14, Յունուար 2025
ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը ներկայ ամսուայ սկիզբին հիւրընկալած է Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր առաջնորդ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպումը, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն մօտ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Փաշազատէ վստահեցուցած է, թէ միշտ խաղաղութեան կոչ ուղղած է։ «Orthodox Times» առցանց հարթակին վրայ Ֆէնէրի Պատրիարքարանի աղբիւրները սահմանափակ տեղեկութիւններ տուած են զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, երկու հոգեւոր առաջնորդները քննարկած են հարցեր, որոնք կը վերաբերին ուղղափառութեան եւ իսլամի միջեւ երկխօսութեան։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021