ԱՐՑԱԽԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ

Ապրիլի 13 եւ 16-ին Արցախի շուրջ երկու կարեւոր հանրային հանդիպումներ տեղի ունեցան։ Առաջինը՝ Սորպոնի համալսարանին մէջ դասախօսութիւններու շարք մըն էր՝ «Le blocus dans le Haut Karabagh» վերնագրով, որ նաեւ «La force primet-elle sur le droit?» ենթավերնագրով։ Երկրորդը՝ «Du droit à l'autodétermination du peuple du Haut-Karabagh à la reconnaissance de l'Etat d'Artsakh», կազմակերպուած՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Փարիզի «Արմէն Գարօ» կոմիտէիութեան եւ «Նոր սերունդ»ի կողմէ։ Միաժամանակ, կայ երրորդ մըն ալ, Ալեքսի Բազումեանի՝ Արցախի նուիրուած լուսանկարներու աննախադէպ հանրային ցուցահանդէսը «Սեւ պարտէզը» («Jardin Noir») վերնագրով, Փարիզի Սէն-Ժագ աշտարակի հանրապարտէզի ցանկապատերուն վրայ։ Սա պիտի տեւէ մինչեւ մայիսի 8-ը, կազմակերպուած՝ Փարիզի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, աջակցութեամբ կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններու։

Սորպոնի համալսարանի դասախօսութիւնները Արցախի խնդիրը քննարկեցին երեք տեսանկիւններէ՝ աշխարհաքաղաքական, մարդասիրական եւ իրաւական։ Անոնք պէտք է լուսաբանէին «Ուժը կը գերազանցէ՞ օրէնքը» հարցադրումը Արցախի շրջափակման պայմաններուն մէջ։ Պատասխանը պիտի ըլլար, անկասկած, «այո՛, ուժը կը գերազանցէ»՝ այսօրուան միջազգային քաղաքական իրավիճակը նկատի առած։ Բայց կայ նաեւ ասոր յարակից միւս հարցումը. «Մեծ տէրութիւններու ռազմավարական շահերը եւ դաշնակցութիւնները կը գերազանցե՞ն օրէնքը»։ Ասոր ալ պատասխանը, անշուշտ, «այո՛» է. Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու վրայ յարձակումի եւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճռի անտեսման պայմաններուն մէջ։ Բանախօս Տիգրան Եկաւեանի հարցադրումը տեղին էր. ի՞նչ կ՚արժէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երկտասնեակ մը պետութիւններու կողմէ, երբ հայութեան հանդէպ նոր ցեղասպանութեան մը առաջքը կարելի պիտի չըլլայ առնել Արցախի մէջ։ Բայց հարցադրումը տեղին է ո՛չ միայն միջազգային յարաբերութիւններու պարագային, այլեւ՝ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան։ Անկախութեան երեսուն տարիները ցաւալի եւ ամօթալի քաղաքական իրավիճակ մը կը պարզեն, երբ ժողովրդավար հանրապետութեան շղարշին տակ օրէնքի ոտնակոխումը, անարդարութիւնը, կաշառքը եւ բռնութիւնը եղած են ընթացիկ կառավարելաձեւ եւ կայացած պետութիւնները գործածած են ուժը՝ օրէնքը գործադրելու համար։ Միայն թաւշեայ յեղափոխութենէն սկսեալ Հայաստան որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրած է այս գետնին վրայ։

Ապրիլի 16-ին, ՀՅԴ-ի «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան եւ «Նոր սերունդ»ի կազմակերպած կլոր սեղանի նիւթը՝ «Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքէն մինչեւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում», մատը կը դնէր հայութիւնը յուզող մեծ ողբերգութեան մը վրայ։ Թէեւ հարցումը բոլորովին անիմաստ էր իր բանաձեւումով, որովհետեւ Արցախ արդէն երեսուն տարի առաջ իր ինքնորոշման իրաւունքը գործածած էր եւ ընտրած՝ անկախութիւնը։ Այսօրուան բուն հարցադրումն է՝ Ատրպէյճանի ցեղային բնաջնջումի վտանգին դիմաց որո՞նք են անկախութեան ճանաչումի ելքերը։ Դաշնակցութիւնը եւ միջազգային վերլուծաբանները ի՞նչ լուծումներ կ՚առաջարկեն։

Հրապարակախօս-քաղաքական վերլուծաբան Քրիսթիան Մակարեանի համար Ղարաբաղը ո՛չ հայկական է, ոչ ալ ատրպէյճանական, այլ՝ ռուսական՝ մանաւանդ 2020-ի հրադադարի յայտարարութեամբ։ Սակայն, Ուքրայնայի պատերազմը խանգարեց Արցախին տիրանալու Ռուսաստանի ծրագիրը։ Բանախօսին կարծիքով, նոյնիսկ 44-օրեայ պատերազմը Ռուսաստանին դաս չեղաւ այն իմաստով, որ հայկական բանակի պարտութիւնը նա՛եւ ռուսական բանակի, անոր ռազմական հայեցակարգի ձախողումն էր։ Այսօր անորոշութիւն կը տիրէ. Արցախի կարգավիճակի վերջնական ելքը կապուած է ռուս-ուքրանական պատերազմէն։ Ամէն պարագայի, Մակարեանի համար առանց երրորդ կողմի միջամտութեան՝ հայերն ու ատրպէյճանցիները անկարող են Արցախի կարգավիճակը ճշդելու։

«Ֆիկառօ-մակազին»ի խմբագրութեան փոխ-տնօրէնին կեցուածքը շատ աւելի գործնապաշտ է. Ատրպէյճանի մտադրութիւնը Արցախի հայաթափումն է։ Զինեալ յարձակումները, շրջափակումը, ապրելու պայմանները անտանելի դարձնելը նպատակ ունին ժողովուրդին ինքնակամ կամ ուժով հեռացումը։ Միակ լուծումը՝ հազիւ սահմանները բացուին, փոխանակ արցախցիները Արցախէն հեռանալու, հայերը պէտք է երթան եւ հաստատուին Արցախի մէջ, աւելի ամուր կերպով դիմադրելու համար Ատրպէյճանին։ Բանախօսին համար Արցախը Հայաստանի պաշտպանական պարիսպն է, եթէ ան ոչնչանայ, Հայաստան եւս կ՚ոչնչանայ։

Դաշնակցութեան պիւրոյի ֆրանսահայ երկու անդամներէն՝ Մուրատ Փափազեանի համար մեղաւորը Հայաստանի պետութիւնն է, որ իր դերը չէ կատարած Արցախը պաշտպանելու գործին մէջ։ Յովսէփ Տէր-Գէորգեանն ալ, առանց հեռանալու դաշնակցութեան հակափաշինեանական ուղեգիծէն՝ նշեց, որ Հայաստան պէտք է ապաւինի ինքն իր ուժերուն, ամրապնդէ բանակը, ժողովրդային բանակ մը ստեղծէ։

Հետաքրքրական է ընդգծել, որ այս երկու հանրային հանդիպումներուն մասնակիցներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայ էր։ Որքան որ Արցախի բնակիչներուն դէմ ցեղային մաքրագործումի վտանգը մեծ է եւ իրական, նոյնքան ալ մեծ է միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը Արցախի ժողովուրդի անկախութեան նկատմամբ։ Չկայ երրորդ երկիր մը, որ Հայաստանի օգնութեան հասնի։ Հայ ժողովուրդը ինքն իր գլխուն ճարին պէտք է նայի, այսուհանդերձ գոյութենական պայքարը չունի այն ուժականութիւնը, որ քաղաքական ուժերը պահ մը իրենց տարաձայնութիւնները մէկդի դնեն ու ստեղծուած վտանգին դիմաց միասնակամ պայքարին։ Թէեւ սա կրնար ըլլալ դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը՝ նկատի առած անոր սփիւռքի եւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներկայութիւնը եւ անոր պատմական առաքելութիւնը։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2023