ՓԵՍՔՈՎ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ

Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի պայմանաւորուածութիւնները միակ իրական հիմքն են իրավիճակի կարգաւորման համար։ Իր խօսքով՝ անոնց իրականացումը անհրաժեշտութիւն է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցի ընթացքին Տիմիթրի Փեսքով ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք ողջունել կողմերու որեւէ քայլ, որ պիտի նպաստէ եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման հարցին մէջ յառաջ շարժուելու»։

Բանբերը լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթներուն կատարումը կը համարուի անհրաժեշտութիւն եւ անոնց համար այլընտրանք գոյութիւն չունի։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումով մը դիմեց միջազգային հանրութեան։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Ատրպյճանի ներքին գործը չէ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2023