ԽՐԻՄԻ ՀԱՆԴԷՊ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Խրիմի թուրքերու տեղահանման 71-րդ տարելիցին առթիւ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Խրիմի թաթարներու ղեկավար Մուսթաֆա Ապտիւլմեճիտ Քըրըմօղլուի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ Ուքրայնոյ խորհրդարանի երեսփոխաններէն է։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան յայտնեց, թէ սուգի այս օրուան առթիւ Թուրքիա զօրակցութեան մէջ է իր թաթար ցեղակիցներուն հետ։ Էրտողան յիշեցուց, թէ տարելիցին կապակցութեամբ հրապարակած էր նաեւ գրաւոր յայտարարութիւն մը։ Ըստ իրեն, Խրիմի թաթար ժողովուրդին ենթարկուած տեղահանութիւնը պատմութեան մէջ արձանագրուած է որպէս սեւ էջ մը եւ մարդկութենէ դուրս այս դէպքը երբեք մոռացութեան պիտի չենթարկուի։
Էրտողան հերթական անգամ այս ողբերգութեան բոլոր զոհերու հոգիներուն հանգստութիւն հայցեց եւ ընդգծեց, որ Թուրքիա Ուքրայնոյ ճգնաժամի սկիզբէն ի վեր նախապատուութիւն ընծայած է Խրիմի թաթարներու անդորրութեան ու անվտանգութեան նկատմամբ։ Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց նաեւ, թէ իրադարձութիւնները կը համարուին մտահոգիչ։ Արդարեւ, ռուսական տեղական իշխանութիւնները չեն թոյլատրած՝ Մայիսի 18-ին Խրիմի մէջ հաւաքական ոգեկոչման արարողութիւններու կազմակերպման, ինչ որ անընդունելի կը նկատուի։
Իր կարգին, Քըրըմօղլուն ալ Էրտողանին երախտագիտութիւն յայտնեց՝ Խրիմի հարցին շուրջ դրսեւորուած զգայնութեան եւ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։