Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ՝ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼ ՄԱԿ-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ
Թուրքիա պատրաստ է հիւրընկալել հերթական միջազգային կարեւոր հաւաքոյթ մը։ Այս Երկուշաբթի, Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովը, որ կը տեւէ երկու օր։
Աշխարհի յառաջատար բազմաթիւ երկիրներէն ղեկավարներ մասնակցութիւն կը բերեն այս գագաթաժողովին։ Հարկ է նշել, որ այսպիսի գագաթաժողով մը պատմութեան մէջ կը կազմակերպուի առաջին անգամ։ Ժողովականները պիտի փորձեն լուծումներ գտնել՝ կլոպալ առկայ մարդասիրական ծանրակշիռ մարտահրաւէրներուն համար, որոնք կ՚ունենեն լուրջ հետեւանք։
Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016