ՅԱՄԱՌ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն (ԵՊՀ) ներս նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­տա­ժո­ղով մը, որ ձօ­նուած էր Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Հա­յաս­տան-Թուր­քիա. երկ­խօ­սու­թեան ու­ղի­նե­րու ո­րո­նում» խո­րագ­րեալ այս մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Կով­կա­սի հե­տա­զօ­տա­կան մի­ջոց­նե­րու կեդ­րո­նի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէ­նու­հի Հե­ղի­նէ Մա­նա­սեան։ Այս վեր­ջի­նը մատ­նան­շեց, թէ պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ հայ-թրքա­կան քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը չի կրնար խան­գա­րել եր­կու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թիւ­նը։

«Հա­յաս­տան-Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ի­րա­վի­ճա­կը փո­խե­լու հա­մար կը գոր­ծադրուին բա­ւա­կան մեծ ջան­քեր ու շատ մար­դիկ կը կար­ծեն, թէ յա­ռա­ջա­ցած խնդիր­նե­րը կրնան լու­ծուիլ երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցաւ։ Ի հար­կէ, քա­ղա­քա­կան մա­կար­դա­կով երկ­խօ­սու­թիւն չկայ, բայց սա չի նշա­նա­կեր, որ գի­տա­ժո­ղով­ներ պէտք չէ կազ­մա­կեր­պուին։ Մենք պէտք է երկ­խօ­սու­թեան մէջ ըլ­լանք, հասկ­նանք ի­րա­վի­ճա­կը Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ», ը­սաւ Հե­ղի­նէ Մա­­նա­սեան։

Ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան Հե­ղի­նէ Մա­նա­սեան շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նէն, Թուր­քիա­յէն, Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն եւ Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­նե­րէն շուրջ քա­ռա­սուն մաս­նա­գէտ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած գի­տա­ժո­ղո­վին նպա­տակն է Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ հե­տա­զօ­տող­նե­րուն մի­ջեւ ստեղ­ծել կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման ու երկ­խօ­սու­թեան հա­մար հար­թակ մը։

Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­պական Միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան գրա­սե­նեա­կի քա­ղա­քա­կան, մա­մու­լի եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան բաժ­նի ղե­կա­վար Տիրք Լո­րենց, որ եւս հան­դէս ե­կաւ զե­կու­ցու­մով մը՝ մատ­նան­շեց, թէ քա­ղա­քա­կան մի­ջա­վայ­րը այդ­քան ալ նպաս­տա­ւոր չէ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ Բայց եւ այն­պէս, սա չի նշա­նա­կեր, թէ այս եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ պէտք չէ երկ­խօ­սու­թիւն ըլ­լայ։

«Ընդ­հա­կա­ռակն, եր­կու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պէտք է փոր­ձեն զի­րար հասկ­նալ, պէտք է երկ­խօ­սու­թեան եզ­րեր փնտռեն։ Եւ­րո­պական Միու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր է նպաս­տել եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ նման երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րուն», ը­սաւ Տիրք Լո­րենց։

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017