ԱՂՄԿԱՅԱՐՈՅՑ ԴԱՏԱՎՃԻՌ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին ներքին քաղաքական կեանքի տեսակէտէ տեղի ունեցան աղմկայարոյց իրադարձութիւններ։ Այսպէս, երկրի երկրորդ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարեան անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր բանտարկուած էր, ազատ արձակուեցաւ դատարանի որոշումով։ Ռոպերթ Քոչարեան կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականին պատահած արիւնալի դէպքերու վերաբերեալ գործին բերումով։ Այդ դէպքերուն զոհ գացած էր 10 հոգի։ Դատարանը Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքի տակ կը պահէր՝ գործի առողջ ընթացքը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, վերջին դատական նիստին Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքի ձեւը փոխուեցաւ եւ ան դուրս եկաւ բանտէն։ Այս դատավճիռը կայացուեցաւ Լեռնային Ղա

մըոպերթ Քոչարեան դուրս եկաւ բանտէն, մէկ կողմէ իր համակիրները ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն, իսկ միւս կողմէ իր հակառակորդները ապրեցան մեծ հիասթափութիւն։ Հասարակական հարթութեան վրայ միանշանակ չընկալուեցաւ այս դատավճիռը, իսկ Քոչարեանի բանտէ դուրս գալէն վերջ տեղի ունեցան որոշ ցոյցեր, որոնց ընթացքին ալ ծագեցան որոշ լարուածութիւններ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Վլատիմիր Կարապետեան Քոչարեանի ազատ արձակուելէն վերջ յայտարարեց, որ երկրի դատական իշխանութիւնները կ՚օգտուին լիակատար ազատութենէ։ «Այլ հարց է, որ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւններէն վերջ, Հայաստանի մէջ կը գործէ հին դատական համակարգը, որու որոշումներուն նկատմամբ հանրութեան վստահութեան աստիճանը չէ փոխուած», ընդգծեց Վլատիմիր Կարապետեան։

Միւս կողմէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ արձագանգեց դատարանի կողմէ արձակուած վճռին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այս օրը՝ մայիսի 20-ը կ՚ազդարարէ հայկական յեղափոխութեան «ամենակարեւոր փուլի» սկիզբը։ Ան երէկ կոչ ուղղեց, որպէսզի ժողովուրդը արգելափակէ դատարաններու մուտքերը։ Երեւանեան աղբիւրները այս առաւօտ արդէն արձագանգ հանդիսացան համապատասխան դրուագներու։

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2019