ԴՐԱԿԱՆ ՀՈՒՆՈՎ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի նոր դէպքերու պարագային ակնկալուած նուազումը նկատելի է։ Վերջին 24 ժամուան ընթացքին երկրէն ներս եւս 28 հոգի մահացած է համաճարակի հետեւանքով եւ այսպէսով զոհերու ընդհանուր թիւը հասած՝ 4 հազար 199-ի։ Երէկ 25 հազար 382 քննութիւն կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1022 նոր վարակեալ։ Այսպէսով ցայսօր հաստատուած ընդհանուր դէպքերու թիւը հասաւ 151 հազար 615-ի։ Ըստ վերջին վիճակագրական տուեալներուն, Թուրքիոյ մէջ ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ առնուած հիւանդներու թիւը իջած է 882-ի, արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ հիւանդներու թիւն ալ իջած է 455-ի։ Երէկուան դրութեամբ 1318 հիւանդ բուժուած է եւ այսպէսով Թուրքիոյ մէջ առողջացածներու ընդհանուր թիւը բարձրացած է՝ 112 հազար 895-ի։

Այս վիճակագրական տուեալներու լոյսին տակ նախարար Քոճա շեշտեց, որ երկրէն ներս նոր դէպքերը նախատեսուած մակարդակով կը նուազին։ Խտացեալ խնամքի անհրաժեշտութեամբ հիւանդներու թիւն ալ կը նուազի։ Առողջացած հիւանդներու թիւն ալ նախատեսուած մակարդակին վրայ է։ Ըստ նախարարին, հակակշռեալ ընկերային կեանքը պէտք է վերածուի ապրելակերպի եւ բոլորը միասնաբար պէտք է հետեւին նախազգուշական միջոցներու։ Այս բոլորի նախապայմաններն են՝ դիմակ կրելն ու 1.5 մեթր ֆիզիքական հեռաւորութեան պահպանումը։

Միջազգային գետնի վրայ ալ համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն։ Համավարակի ծաւալման հարցը զանազան երկիրներէ կամ տարածքաշրջաններէ ներս հիմնական մտահոգութեան պատճառներէն մին է։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ է, որ Չինաստանի մէջ վերջին օրուան ընթացքին վարակի հինգ նոր դէպք արձանագրուած է։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ կոչ ուղղեց՝ աջակցիլ Ափրիկէի երկիրներուն քորոնաժահրի դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Եւրոպայի մէջ կեանքը բնականոն հունին վերադարձնելու ուղղեալ քայլերը դրական իրադարձութիւններու գլխաւորներու շարքին են։ Հակառակ արձանագրուած նոր դէպքերուն, Չինաստանի մէջ ալ ճարտարարուեստի մեծ ձեռնարկութիւններու 99 տոկոսը վերսկսած է աշխատանքի։

Համաճարակի մթնոլորտին մէջ միջազգային օրակարգը զբաղեցնել կը շարունակէ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան միջեւ յառաջացած լարուածութիւնը։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ կազմակերպութիւնը կ՚ամբաստանէ Փեքինի ղեկավարութեան ազդեցութեան տակ ըլլալով։ Թրամփ երէկ յայտնեց, որ եթէ երեսուն օրուայ ընթացքին այդ կազմակերպութիւնը հիմնական բարեփոխումներ չկատարէ, ապա Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը մշտականօրէն պիտի դադրեցնէ գանձատրումները, նոյնիսկ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ իր անդամակցութիւնը։ Թրամփի վերջնագրին զուգահեռ Եւրոմիութիւնը յայտարարեց, որ այս պահուն զօրակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Սա աջակցութիւն մըն էր Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան։ Չինաստանն ալ տեղեկացուց, որ ԱՄՆ պէտք է դադրի քաւութեան նոխազներ փնտռելէ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020