ԿԵՑՑԷ՛ «ՈՉ-ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՅԹԸ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ ներկայիս կ՚ապրուի լուրջ լարուածութիւն։ Խորհրդարանէ ներս իշխանութեան եւ ընդդիմութեան յարաբերութիւնները սրուած են եւ ասոր զգայացունց դրսեւորումը եղաւ միջոց մը առաջ պատգամաւորներ՝ Սասուն Միքայէլեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի միջեւ տեղի ունեցած կռիւը, որ միւս երեսփոխաններու մասնակցութեամբ մեծ ծեծկռտուքի մը վերածուեցաւ։ Քանի մը օր վերջ յաջորդեց խորհրդարանի երդիքին տակ ուրիշ դէպք մը, որու ընթացքին վիճեցան Էտմոն Մարուքեան եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան։ Իսկ իշխանութիւններու եւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան յարաբերութիւնները արդէն նոյնպէս լարուած են։ Այս բոլորը, անխուսափելիօրէն, Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգը կը բնորոշեն, միեւնոյն ժամանակ, սփիւռքեան մամուլին կողմէ ալ քննարկման առարկայ կը դառնան։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը վերջերս իր խմբագրականներէն մին յատկացուց այս խնդրին։ Ստորեւ կ՚արտատպենք Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած խորհրդածութիւնը։

*

Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութեան նշանակալի թուականի մը՝ Փաշինեանին գործադիր իշխանութեան տէր դառնալուն երկրորդ տարեդարձին օրը՝ մայիս 8-ին Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ Մարուքեան-Միքայէլեան կռփամարտի միջադէպը։ Սասուն Միքայէլեանի՝ Մարուքեանին ուղղած «Հօբար» արտայայտութիւնը զայրացուց վերջինս ու յանգեցուց «Ելք» դաշինքի նախկին երկու զինակիցներու բախումին։ «Հօբար», այսինքն՝ ժողովրդային լեզուով հօրեղբայր, ինքնին աւագ սերունդին դիմելու շատ տարածուած յարգալից եղանակ է։ Սակայն եկուր տես, որ քաղաքական կաթսան այնքան եռացած վիճակ ունի, որ նոյնիսկ կաթիլ մը մեղրի առակին նման՝ «մեղրէն ալ անուշ» խօսքը, կռիւի առիթ ծառայեց։

Անշուշտ ամբողջ խորհրդարանը պէտք չունէր մէջտեղ թափելու երկու կռուարարներ իրարմէ անջատելու համար։ Պատկերը զաւեշտական էր, բայց՝ խօսուն։ Պահ մը խորհրդարանի հարթակը կռուի դաշտի վերածուելու տպաւորութիւնը ձգեց։ Բայց բարեբախտաբար, աղէտը աւելի տեսողական էր, քան՝ իրական։ Սակայն, այդ պիտի ըլլար փողոցներուն մէջ յեղափոխութեան իսկական պատկերը՝ հարիւրապատիկ աւելի վայրագ ու արիւնալի, եթէ ժողովրդային ըմբոստութիւնը չըլլար ոչ-բռնի, «թաւշեայ»։ Այն ժամանակ ոեւէ մէկը «հօբար» ըսած-չըսած՝ ծեծի եւ բռնութեան պիտի ենթարկուէր։ 

Յետյեղափոխական շրջանին բռնութեան նիւթը քաղաքական բոլոր զարգացումներուն ետին շահագործուող գլխաւոր օրակարգ է։ Նախկին վարչակարգին քաղաքական դերակատարներուն համար յեղափոխութեան թաւշեայ, ոչ-բռնի բնոյթը անդիմադրելի պարտութիւն էր եւ Փաշինեանի մեծագոյն յաղթանակը։ Եւ ահա խորհրդարանին մէջ այս խորհրդանիշն էր, որ կ՚աւրուէր, վարչապետին ներկայութեան։ Այս է պատճառը նաեւ որ նախկիններուն համար բռնութեան նիւթը կը հանդիսանայ հակայարձակումի մեծագոյն զէնքը։ Անոնք առիթը չփախցուցին «ասֆալտին փռելու», «թաթիկները կտրելու», «սեւ ու սպիտակ» արտայայտութիւնները Փաշինեանին դէմ պայքարի դրօշի վերածելու, որ կը հանդիսանայ վարչապետին հանրային խօսոյթին գլխաւոր խոցելի կէտը։ Այս նոյն կէտին վրայ է որ «Լուսաւոր Հայաստան»ի քննադատութիւնը կը նոյնանայ նախկիններուն ռազմավարութեան հետ։

Յեղափոխութեան մասնակիցներուն մէջ մեծ է բռնի եղանակով, վրէժխնդրութեամբ՝ նախկիններու թալանած պետական գոյքը ետ բերել երազողներու թիւը։ Կայ նաեւ վրէժխնդրութիւնը նախկին իշխանաւորներուն, որոնք կ՚ուզեն վերստին խլել իշխանութիւնը պահպանելու համար գողօնը։ 

Արդարութիւնը կը մնայ ոչ-բռնի, օրինական միջոցներով նուաճելի մեծագոյն բարձունքը։ Եւ անոր ուշացումն է, որ կը ստեղծէ ահաւոր լարուած վիճակ։ Ապօրինի միջոցներով ձեռքբերուած գոյքի առգրաւումին մասին վերջերս խորհրդարանին ընդունած օրէնքը ա՛լ աւելի լարեց մթնոլորտը հակայեղափոխական ճակատին համար։ 

Բարեբախտաբար, խորհրդրարանի միջադէպը մնաց սահմանափակ, երկու հոգիի միջեւ։ Ճիշդ էր վարչապետին գնահատականը, թէ յեղափոխութիւնը կրեց իր մեծագոյն պարտութիւնը։ Սակայն ան իր այդ գնահատականով փրկեց յեղափոխութեան տեսլականը։ Մնաց բարոյական իր բարձունքին վրայ։ Վարչապետին քաղաքական գնահատականին կարեւոր մէկ մասը կը վերաբերէր բռնութեան գործածութեան։ Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ունի իրաւասութիւնը քաղաքական ոչ-բռնի բոլոր լծակները գործածելու՝ հասնելու համար իր նպատակին, ինչպէս որ հարուածելու համար «Լուսաւոր Հայաստան»ը՝ վարչապետը զայն նոյնացուց քոչարեանա-սարգսեանական ուժերու խորհրդարանական թեւին հետ։

Եւ վերջին հաշուով այս միջադէպէն գլխաւոր շահողները եղան խորհրդարանը եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, որոնք շնորհիւ միջադէպին՝ յայտնուեցան լրատու միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին։ Խլեցին լրատուական առաջնութիւնը Քոչարեանի դատավարութեան եւ նոյնիսկ Շուշիի ազատագրման եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի տօնախմբութեան։ 

Անկախ Հայաստանը կը տառապի խորհրդարանական կազմաւորուած ընդդիմութեան բացակայութենէն, որ նախկին երեք նախագահներու օրօք չէ գոյացած։ Ներկայիս ալ նոյն տագնապն է, որ կը շարունակուի։ Բուն ընդդիմութիւնը կը մնայ արտախորհրդարանական, որքան ալ «Լուսաւոր Հայաստան»ը փորձէ ինք եւս բռնութեան նիւթը հետապնդել։ Նախկին իշխանութիւնը կը մնայ գլխաւոր քաղաքական ընդդիմութիւնը, որ ունի իր համակիրները պետական պաշտօնէութեան մէջ, իր զօրաւոր լծակները՝ լրասփիւռներ, ընկերային ցանցեր, դրամագլուխ։ 

Մայիս 8-ի միջադէպը կրնայ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առջեւ դուռը բանալ կեդրոնական ընդդիմադիր ուժ հանդիսանալու, եթէ կարենայ ժողովուրդին արդարութեան պահանջը բաւարարող, երկրին ինքնիշխանութիւնը ապահովող իրագործելի ծրագիր մը մշակել։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020