ՆՈՐ ՏԵՍԱՔՈՆՖԵՐԱՆՍ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ տեսաքոնֆերանս մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան եւ միջնորդները կարծիքներ փոխանակեցին՝ իրենց վերջին տեսաքոնֆերանսէն ի վեր տարածքաշրջանէ ներս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն շուրջ։ Մնացականեան կարեւորեց քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ մշտական շփումներու պահպանումը։ Զրուցակիցները քննարկեցին համավարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու ջնջուելէն վերջ՝ համանախագահներու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան այցելութիւններու իրականացման եւ նախարարական մակարդակով հանդիպումներու կազմակերպման հեռանկարները։ Հարկ է նշել, որ եռանախագահները Մնացականեանէն առաջ տեսաքոնֆերանս մըն ալ ունեցան Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրիւի հետ։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ուղղութեամբ երկու երկիրներէ ներս ձեռնարկուած քայլերուն կապակցութեամբ։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Եգիպտոսի երկխօսութեան թափին շուրջ։ Նախարարները վերահաստատեցին փոխադարձ պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար երկկողմանի օրակարգի ապագայ ընդլայնման ուղղեալ քայլերը։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ դեղագործութեան, այլընտրանքային ուժանիւթի, տեղեկատուական փորձագիտութիւններու ու նորարարութեան, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ներուժի լիարժէք օգտագործման ուղղեալ քայլերու անհրաժեշտութիւնը։ Նոյն ծիրին մէջ կարեւորուեցան Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքները։
Զօհրապ Մնացականեան եւ Սեմիհ Շիւքրիւ կանգ առին նաեւ բազմակողմանի շրջանակներէ ներս համագործակցութեան հարցերու վրայ, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի եւ Ափրիկեան միութեան շրջանակներէն ներս։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ խնդիրները շօշափելու ժամանակ անոնք օրակարգի վրայ ունեցան Երեւանի եւ Գահիրէի տեսակէտէ կարեւոր հարցերու լայն շրջանակ մը։ Նախարարները վերահաստատեցին պատմական բարեկամութեան աւանդութիւններու վրայ հիմնուած Հայաստանի եւ Եգիպտոսի սերտ համագործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութիւնը։