ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐՑԱԽ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Արցախ, ուր պիտի մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի երդման ու պաշտօնակալման արարողութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արայիկ Յարութիւնեան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին։ Տեղական ժամով 18.00-ին այդ նիստը պիտի գումարուի Շուշիի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ։ Համապատասխան պաշտօնական յայտարարութիւնը արդէն կատարուած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020