ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ՊԱՀԱՆՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ մայիսի 12-ի խախտումով ծնունդ առած տագնապը այս առաւօտեան դրութեամբ թեւակոխեց նոր հարթութիւն։ Ընդդիմութեան աղբիւրները վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէին, որ Հայաստանի այժմու իշխանութիւնները կը պատրաստուին ստորագրել հակահայ նոր փաստաթուղթ մը, որու մշակումը աւարտելու վրայ է։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստի բացման հաստատեց այդպիսի աշխատանքային փաստաթուղթի մը գոյութիւնը։ Ան խիստ քննադատութեան ենթարկեց ընդդիմութիւնը՝ պնդելով, որ անոր հաղորդումները տեղեկատուական պատերազմի մէջ կը նպաստեն Ատրպէյճանին։ Նկատի ունենալով, որ ընդդիմութեան աղբիւրները այդ փաստաթուղթի նախագիծի ռուսերէն բնագրի բովանդակութիւնը փակելով հրապարակած էին՝ Փաշինեան հարց տուաւ, որ եթէ այդ մէկը հակահայ բնոյթ ունի, ապա ընդդիմութեան աղբիւրները ինչո՞ւ այդպէս թաքցնելով կը ներկայացնեն հանրութեան։ Վարչապետը այս առաւօտ նշեց, որ Հայաստանի սահմաններէն ներս շուրջ 5-6 հարիւր Ատրպէյճանի զինուորականներ կը գտնուին։ Սահմանի գործնական վիճակը փոփոխութիւն չէ կրած։ Իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Ըստ Փաշինեանի, հայկական զինեալ ուժերու գործողութիւններու տրամաբանութիւնն է՝ մարտական քայլերով սահմանափակել Ատրպէյճանի զինուորականներու գործողութիւններու ներուժը։ Քաղաքական առումով Երեւան կը հետապնդէ առաջին հերթին իրավիճակը վերահսկողութենէ դուրս չբերելու նպատակը։ Այսինքն՝ առաւելագոյնը ընել ռազմական կամ պատերազմական բախման որեւէ բեմագրութիւն բացառելու համար։ Եւ երկրորդ՝ հասնիլ այն նպատակին, որ Ատրպէյճանի զինուորները լքեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը։ Ըստ Փաշինեանի, այս առումով ահռելի դիւանագիտական աշխատանք կը կատարուի։ Վարչապետը արդիւնաւէտ համարեց այդ աշխատանքը, որ յառաջ կը տարուի ինչպէս Արտաքին գործոց նախարարութեան, այնպէս ալ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ փոխ-վարչապետներուն կողմէ։ Այդ աշխատանքը յաջող է, որովհետեւ միջազգային գործընկերներու եւ Հայաստանի դիրքորոշումները, ըստ էութեան, նոյնական են։ Այսինքն՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ներկայացուցիչները պէտք է լքեն Հայաստանի տարածքը։

Փաշինեան մատնանշեց նաեւ, որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը վարուին բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին աշխատանքային փաստաթուղթ մը պատրաստուած է։ Ան այս փուլին յարմար չդատեց այդ փաստաթուղթի բովանդակութեան հրապարակումը եւ ըսաւ. «Այո՛, ես այդ փաստաթուղթը պիտի ստորագրեմ, որովհետեւ ան հարիւր տոկոսով կը համապատասխանէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն»։ Ընդդիմութեան աղբիւրները կը հաղորդեն նաեւ, որ Երեւանի իշխանութիւնները հրահանգած են, որպէսզի սահմանակից Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները բացարձակ լռութիւն պահեն սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։

Այս առաւօտեան սոյն կարեւոր «բացայայտումներէն» առաջ, երէկ, Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս վերջինը երէկ կապի մէջ անցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութինի հետ զրուցելու ժամանակ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ներկայ իրավիճակը՝ ընդգծելով, որ հակառակ միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշներուն, Ատրպէյճան խախտած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ Փաշինեան եւ Փութին միակարծիք եղած են իրավիճակի հանգուցալուծման ճանապարհներու եւ անոնց մեթոտաբանութեան շուրջ։ Կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին Փաշինեան յայտնած էր, որ Հայաստան չէ քննարկած, չի քննարկեր ու չի պատրաստուիր քննարկել միջանցքային տրամաբանութեամբ հարցեր։

Երեւան օրերէ ի վեր կը բարձրաձայնէ իր անդրդուելի պահանջը, որպէսզի Պաքու դուրս բերէ իր զօրքերը, որոնք խախտած են սահմանը։ Միեւնոյն ժամանակ, Երեւան երէկ պատասխանեց Մոսկուայի կողմէ նախօրօք օրակարգի վրայ բերուած առաջարկին։ Այսպէս, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբէն առաջ Ատրպէյճանի զօրքերը պէտք է դուրս գան երկրի ինքնիշխան տարածքէն։

Ի շարունակութիւն Երեւան-Մոսկուա առանցքի վերջին օրերու բանուկ երթեւեկին՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ ալ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։ Յարութիւնեան այս առթիւ ռուս պաշտօնակցին նկատառման յանձնեց, որ Պաքուի զօրքերը պարտաւոր են վերադառնալ իրենց ելման դիրքերը։

Միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ կը շարունակուին այս լարուածութեան արձագանգները։ Իրան անընդունելի նկատեց Հայաստանի հետ իր սահմաններու փոփոխութեան հաւանականութիւնը։ Հնդկաստանն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճան իր զօրքերը դուրս բերէ Հայաստանի տարածքէն։ Ծանօթ է, որ Հնդկաստան տարակարծութիւններ ունի Փաքիստանի հետ, որու ստորաբաժանումները Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ Ատրպէյճանի բանակի կողքին էին։ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Զասն ալ երէկ յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութիւններուն։

Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Հաղորդուեցաւ, որ նախարարները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի այժմու իրադրութեան։ Որեւէ ակնարկութիւն չկատարուեցաւ սահմանի առկայ տագնապին։ Այս խնդրի սկիզբ առած օրէն ի վեր Անգարայէն որեւէ արձագանգ չէ եղած։

Իր կարգին, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ան կրկնեց իր առաջարկը, որով կը նախատեսուի անվտանգութեան գօտիի մը ձեւաւորումը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմաններուն վրայ։ Վերջին իրադարձութիւնները եկած են հաստատել այդ առաջարկի նպատակայարմարութիւնը։ Թաթոյեան երէկ նշեց, որ առանց անվտանգութեան գօտիի մը ձեւաւորման, սահմաններու ճշգրտման աշխատանքին ձեռնարկելը գործնականօրէն նոր ռիսքերու յղի պիտի ըլլայ։

Հինգշաբթի, Մայիս 20, 2021