ԱՐՈՒԵ՞ՍՏ ԹԷ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ. ԵՐԵՔ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԱԾ ԿՏԱՒԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «Արուե՞ստ, թէ գիտութիւն. երեք վերականգնուած կտաւի պատմութիւն. Բաշինջաղեան, Կոջոյեան, Սարեան» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը գեղարուեստասէրներու հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ զուգադիպելով նաեւ Թանգարաններու միջազգային օրուան։ Այս ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած են 20-րդ դարու հայ ականաւոր նկարիչներէն Գէորգ Բաշինջաղեանի, Մարտիրոս Սարեանի եւ Յակոբ Կոջոյեանի կտաւները։ Սոյն կտաւները Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին կողմէ վերջերս վերանորոգուած են եւ այժմ գեղարուեստասէրներու լայն շրջանակին ներկայացուած՝ վերականգնուած ձեւով։

«Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ժամանակ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէնուհի Մարիա Յակոբեան տեղեկացուց, որ այս ցուցահանդէսով արդէն կը սկսի «Վերականգնուած ցուցանմոյշներու պատմութիւն» նախագիծը, որու ծիրէն ներս պարբերաբար պիտի ներկայացուին վերականգնուած ստեղծագործութիւններ։ Մարիա Յակոբեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը որոշած է անդրադառնալ վերականգնման եւ կառոյցի պատմութեան մէջ առաջին անգամ բանալ վերականգնուած ցուցանմոյշներու ցուցադրութիւն մը։ Ըստ տնօրէնուհիին կողմէ ներկայացուած բացատրութիւններուն, ներկայ ցուցադրութիւնը միայն վերականգնուած կտաւները չի ներկայացներ, այլ կը ցոլացնէ անոնց վերականգնման ուղղութեամբ գործադրուած մասնագիտական աշխատանքի բարդագոյն գործընթացը։

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, կտաւներու առընթեր կարելի է տեսնել վերականգնման անկիւններ, ուր կան պատռած, նկարաշերտի կորուստներով, թափուածքներով կտաւներ, ինչպէս նաեւ կոտրած կամ բացակայող հատուածներով առարկաներ։ Վերականգնման ենթատարածքի ամենահետաքրքրական «նմոյշներու» շարքին կը գտնուին գերարդիական մանրադիտակը եւ ուլթրամանիշակագոյն լամբարը, որոնցմով այցելուն հնարաւորութիւն կ՚ունենայ ինքն իսկ զննելու առարկաներու վնասները, նախկինին մէջ կատարուած երանգաւորումներն ու ապագայ միջամտութիւնները։ Ցուցահանդէսի այցելուները կ՚ունենան նաեւ բացառիկ հնարաւորութիւնը՝ հաղորդակցելու մասնագէտներու հետ եւ հետեւելու անոնց աշխատանքին։

Պատկերասրահի վերականգնման ու պահպանման բաժնի վարիչ Իկոր Պօղոսեան այս առթիւ նշեց, որ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը ներկայիս կը նշէ իր 100-ամեայ յոբելեանը։ Իրենց բաժինն ալ հիմնուած է 1950 թուականին։ Ցայսօր այնտեղ բազմաթիւ մասնագէտներ աշխատած են։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս ի պահ դրուած նմոյներու շարքին 15 հազարը վերականգնման կարիք ունի։ Ըստ Իկոր Պօղոսեանի բացատրութիւններուն, տարուայ ընթացքին այս բաժինը ամբողջութեամբ կը վերականգնէ 10-12 աշխատանք։ Իկոր Պօղոսեան տեղեկացուց նաեւ, որ յոբելենական շրջանին նախատեսուած է «Յիշողութեան կերպարանքները» խորագրեալ միջազգային սեմինար մը, որու շրջանակներէն ներս Հայաստան պիտի այցելեն աշխարհի զանազան երկիրներէ վերականգնման մասնագէտներ ու պիտի քննարկուին այս ոլորտի բազմաթիւ մասնագիտական հարցեր։

Բաշինջաղեանի, Սարեանի եւ Կոջոյեանի այն կտաւները, որոնք ներկայիս կը ցուցադրուին, վերականգնուած են վեց ամսուայ ընթացքին։ Այդ գործերը ծայրայեղ ծանր վիճակի մը մատնուած էին։ Շնորհիւ կատարուած լուրջ աշխատանքին, այս կտաւները պիտի զարդարեն Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի դահլիճները։

Հինգշաբթի, Մայիս 20, 2021